Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին, «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշէլ Աունը եւ համախմբումի անդամ երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Միշէլ Մըր, Էտկար Մաալուֆ, Նէպիլ Նիքոլա, Իպրահիմ Քընաան, Սելիմ Սալհապ, Սելիմ Աուն եւ Ապպաս Հաշէմ։
Զօր. Աուն եւ համախմբումի երեսփոխանները դիմաւորուեցան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդին կողմէ։
Հանդիպումին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ.ի եւ Ազգային ազատ հոսանքի միջեւ գործակցութեան հեռանկարները։
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան դիտել տուաւ, որ Աունի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած այս այցելութիւնը ապացոյց է երկու կողմերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման՝ միասնականութեամբ կերտելու Լիբանանի ապագան։
«Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով կառչած կը մնայ լիբանանեան ազգային սկզբունքներուն, որոնք կը կազմեն Լիբանանի հիմքը։ Կը վերահաստատենք, որ երկրին մէջ շրջան ընող բոլոր տարակարծութիւնները պէտք է լուծել գիտակցութեամբ եւ երկխօսութեամբ», նշեց Յ. Մխիթարեան։ Ան շեշտեց, որ պէտք է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն՝ կարենալ վերջ մը դնելու համար երկրին մէջ տիրող տարակարծութիւններուն: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններուն մէջ, յատկապէս՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներէն ետք, լիբանանցի պատասխանատուներ պարտին յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել՝ կասեցնելու համար լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթը։
«Լիբանանահայ համայնքը իր բոլոր հեղինակութիւններով խիստ մերժում եւ բողոք արձանագրեց հարաւի մէջ թրքական ուժերու տեղակայման դէմ՝ լիբանանցի ժողովուրդին արդէն ծանօթ պատճառներով։ Դժբախտաբար լիբանանեան կառավարութեան կողմէ թրքական ուժերուն Լիբանան ժամանումը մերժող ոչ մէկ որոշում տրուեցաւ, հակառակ կրկնուող կոչերուն։ Կառավարութիւնը լիբանանահայութեան այդ պահանջին ընդառաջելու իր մերժումով անտեսած եղաւ ամբողջ համայնք մը, ինչ որ այդ համայնքին հաշւոյն իրաւազրկում է եւ կ՚ոտնակոխէ համերաշխութեան ուխտը», շեշտեց Մխիթարեան։ Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան վերատեսութեան ենթարկելու լիբանանահայ համայնքին նկատմամբ իր անարդար կեցուածքը եւ տալու որոշում մը, որ կը մերժէ թրքական ուժերու Լիբանան ժամանումը:
Իր կարգին, Աուն դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը շատ զգայուն է եւ ժամանակն է արդէն խօսելու գործնական միջոցներու մասին, որովհետեւ կառավարութիւնը «չի գիտեր ականջ տալ մեր պահանջներուն եւ իր ապօրինի գործունէութեան մասին մեր հարցումները չի լսեր»։
«Այսօր մենք կը հաստատենք, թէ մեր տեսակցութիւնները մեր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակուին եւ պիտի կրկնուին, որդեգրելու համար միացեալ քայլեր, փոփոխութեան ենթարկելու համար երկրին իրավիճակը, որ ոչ միայն որոշ կողմերու կը վնասէ այլեւ՝ ամբողջ երկրին», ըսաւ Աուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ երկրին բոլոր հարցերուն լուծումներ ապահովել, մաղթելով, որ այդ լուծումներուն արդիւնքները կ՚ըլլան ի նպաստ լիբանանցի ժողովուրդին։
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով Աուն նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննուած են Լիբանանի ընդհանուր իրադարձութիւնները։ Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան քաղաքական ներքին հարցերուն համար տրամադրուելիք լուծումները պիտի ըլլան լիբանանեան բազուկներով եւ ոչ դեսպանատուներէ կամ արեւմտեան երկիրներէ եկած լուծումներու տարբերակներով։ «Մենք՝ իբրեւ լիբանանցիներ, պիտի որոշենք, թէ ի՛նչ կ՚ուզենք», ընդգծեց Աուն։
Ակնարկելով յառաջիկայ Հոկտեմբերի 15ին ծրագրուած հաւաքին, զօր. Աուն նշեց, որ այդ հաւաքը լիբանանցի ժողովուրդին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բարեկամներուն հետ հանդիպում մը պիտի ըլլայ։ «Մենք մեր քաղաքական պատկերացումները եւ ծրագիրները ունինք երկրին մէջ կարող պետութիւն մը ստեղծելու առումով, հետեւաբար պէտք է ներկայացնենք եւ գործադրենք այդ ծրագիրները, որպէսզի գործնականացնենք կարող պետութիւն մը կերտելու թեզը։ Մեր նպատակը կառավարութիւնը տապալել չէ, այլ՝ իշխանութիւնը սրբագրել», եզրափակեց Աուն։