ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 6ին Երեւանի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ «Սահմանադրական դատարաններու դերը ժողովրդավարական ընտրութիւններու ապահովման գործին մէջ» միջազգային խորհրդաժողովը:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան նշեց, որ նշուած թեմայի ընտրութեան պատճառը Հայաստանի մէջ նախատեսուած յառաջիկայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններն են եւ անոնց հետ կապուած՝ ՍԴներուն մէջ ընտրական իրաւունքի դատական պաշտպանութեան միջազգային փորձի քննարկման անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ խորհրդաժողովին հրաւիրուած են այն ՍԴներու ներկայացուցիչները, որոնք ունին ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ վէճեր քննելու լիազօրութիւն: