ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա», «Արմէնփրէս».- Երէկ, Նոյեմբեր 2ին Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան առաջարկով եւ ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած ունկնդրութեան հիմնական զեկուցողն էր փոխոստիկանապետ Արարատ Մահտեսեան:
Ներկայացնելով Հայաստանի մէջ քրէական իրավիճակը, փոխոստիկանապետ Մահտեսեան հաւաստիացուց, թէ իրավիճակը վերահսկելի է եւ յայտնեց. «Յանցաւորութեան տինամիքան վերջին 6 տարիների ընթացքում գրեթէ անփոփոխ է մնացել, իսկ վերջին 3 տարում անգամ նուազել է»:
Ա. Մահտեսեան, անդրադառնալով վերջին ամիսներուն կատարուած հասարակական հնչեղութիւն ունեցող սպանութիւններուն, նշեց, որ «յանցագործութիւնների բացայայտումը դժուար է իրականացնել առանց հասարակութեան աջակցութեան: Ընթացիկ տարում հանրութեան շրջանում հնչեղութիւն ստացած մի քանի սպանութիւններ կատարուել են օրը ցերեկով՝ բազմաթիւ ականատեսների աչքի առաջ, բայց քննուած հարիւրաւոր ականատեսների ճնշող մասն ուղղակիօրէն նշել է, որ ոչինչ չի տեսել եւ չի լսել»:
Ըստ Մահտեսեանի, ոստիկանութեան գործունէութեան կը խոչընդոտեն նաեւ այլ գործօններ, մասնաւորապէս՝ ցած վարձատրութիւնը, անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութիւնը եւ այլն:
ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան ափսոսանք յայտնեց, որ դատախազութեան ներկայացուցիչները եւս ներկայ չեն քննարկումին: Ան կարեւոր համարեց իրաւապահներու բարձր աշխատավարձի, անվտանգութեան ապահովման հարցերը:
Եզրափակելով քննարկումները, ԱԺ նշեալ յանձնաժողովի նախագահ Արամայիս Գրիգորեան նշեց, որ իրենք աշխատանքային քննարկումներով չեն սահմանափակուած եւ յայտնեց, որ պիտի կազմակերպուին աւելի լայն քննարկումներ, ուր պիտի հրաւիրուին համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչները: