ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 23 Օգոստոսին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մեկնարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքը, որուն նախաձեռնեց Լեհաստանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան, Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էդգար Ղազարեան։ Ան նաեւ յայտարարեց Անկախութեան շարժման ստեղծման մասին:
Ըստ ծրագիրին` 21 Սեպտեմբերին Փաշինեան պէտք է հեռանայ` կա՛մ ինքնուրոյն, կա՛մ իրաւական գործընթացի նախաձեռնութեամբ, կա՛մ Ազգային ժողովի 1/3ի կողմէ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու միջոցով:
Նախկին դեսպանը հաւանական նկատեց, որ իշխանական պատգամաւորները իրենք անվստահութիւն կը յայտնեն Փաշինեանին: Ղազարեան յայտարարեց երեք հանրահաւաքներ կազմակերպելու ծրագիրին մասին: Առաջինը արդէն տեղի ունեցած 23 Օգոստոսի հաւաքն էր, երկրորդը` 2 Սեպտեմբերին, որ «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքն է, երրորդը` 21 Սեպտեմբերին` խորհրդարանի բակին մէջ Փաշինեանի հրաժարականի նախաձեռնութեան քննարկման ընթացքին:
Ղազարեան վստահեցուց, որ նոր շարժումը «Դիմադրութեան» շարժման հետ կապ չունի՝ շեշտելով, որ նոր շարժումը չի հակադրուիր այն գործողութիւններուն, զորս պիտի իրականացնեն Դիմադրութեան շարժման գործընկերները:
Հանրահաւաքին ընթացքին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը, ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական 2 ընդդիմադիր խմբակցութիւնները 9 Նոյեմբերէն ի վեր բազմիցս եւ տարբեր ձեւերով շեշտեցին, որ Փաշինեան որքան մնայ իշխանութեան գլխուն, այդքան կորուստ պիտի ունենանք:

«Հիմա էլ, եթէ չհեռացնենք նոյն խօսակցութիւնը լինելու է Տիգրանաշենի, Տաւուշի գիւղերի մասով: Այսօր գլխաւոր խնդիրն այն է, որ Արցախը հայաթափւում է, մէկ տարի առաջ խօսում էինք այդ խնդրի մասին», ըսաւ ան։
«Դիմադրութիւն» շարժման կատարելիքներուն մասին խօսելով՝ Սաղաթէլեան յայտնեց. «Սեպտեմբերի 2ին, Արցախի անկախութեան օրուայ առթիւ, տեղի են ունենալու հանրահաւաքներ` Սփիւռքում, Արցախում, Հայաստանում»: Էդգար Ղազարեանի նախաձեռնած հանրահաւաքին մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարկանի պահանջով կայ նշանակուած հանրահաւաք, մենք յայտարարել ենք, որ ցանկացած ուժ, ցանկացած ոք, եթէ ազնիւ, արդար պայքար սկսի այս իշխանութեան դէմ ամէն ինչով աջակցելու ենք»՝ աւելցնելով, որ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներ կը մասնակցին հանրահաւաքին: