ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հերքեց զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջան ընող այն լուրերը, ըստ որոնց, Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանէն Նախիջեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ հնարաւոր տարանցման ատեն «Հայաստանի տեղական եւ միջազգային նշանակութեան ճանապարհները փակուելու են, ինչով խոչընդոտուելու է Հայաստանի բնակիչների ազատ տեղաշարժը»:
Հաղորդագրութեան մը միջոցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած կառավարութեան որոշման նախագիծով կը նախատեսուի 3 նոր անցակէտերու բացում, որոնցմով հնարաւորութիւն կ՛ընձեռնուի Ատրպէյճանէն ինքնաշարժով տարանցիկ ուղեւորուիլ դէպի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը:
«Ներկայումս մշակման փուլում են գտնւում տարանցման հաւանական (աւտոմոբիլային-ինքնաշարժներու) երթուղիները եւ կարգը, որում Հայաստանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ օտարերկրացիների ու վերջիններիս պատկանող տրանսպորտային միջոցների տեղաշարժի համար որեւէ տեղական եւ/կամ միջազգային (միջպետական) նշանակութեան ճանապարհների փակում եւ/կամ այլ սահմանափակումներ չեն նախատեսւում», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախագիծ մը, որմով կ՛առաջարկուի 3 անցակէտեր հաստատել հայ-ատրպէյճանական սահմանի կարգ մը հատուածներու մէջ՝ Գեղարքունիքի (Սոթք համայնքէն դէպի Հայաստանի պետական սահմանի M11 մայրուղին՝ ինքնաշարժներու յատուկ), Արարատի (Երասխ համայնք՝ ինքնաշարժներու յատուկ), Սիւնիքի (Քարահունջ համայնքէն շուրջ 7.5 քմ. հարաւ, հարաւ-արեւելք Մ2 մայրուղի՝ ինքնաշարժներու յատուկ) մարզերուն մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ: