ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ անհետ կորսուած քաղաքացիին որոնողական-փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին. մնացած է 40 քառակուսի մեթր տարածք, ուր փրկարարները տակաւին պէտք է կատարեն որոնողական աշխատանքներ: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան փոխտնօրէն, գնդապետ Յովհաննէս Եմիշեան:
«Մենք երկու օր աշխատել ենք, որպէսզի հասնենք այն տեղամասը, որտեղ ենթադրաբար գտնւում է անհետ կորած անձը: Մենք բոլոր հաւանական տեղերը նայում ենք, չենք բացառում որեւէ հատուած», ըսաւ ան:
Ըստ Եմիշեանի՝ անյայտ կորսուած անձի գտնուելու հաւանական վայրին մէջ բարձր ջերմաստիճան եղած է, առաւել քան 20 ժամ այդ տարածքին մէջ հրդեհը մարելու աշխատանքներ տարուած են: «Մօտ 1-1.5 մետր երկարութեան մոխիր է այնտեղ: Պայթիւնի եւ հրդեհի ժամանակ ջերմաստիճանը եղել է 500ից մինչեւ 1000 աստիճան: Հնարաւոր է, որ մարմինը մոխրացած լինի», պարզաբանեց ան:
Եմիշեան դիտել տուաւ, որ, հաւանաբար, օր մը եւս կատարուին որոնողական-փրկարարական աշխատանքներ, որոնցմէ ետք պիտի եզրակացուի՝ գտնուեցա՞ւ քաղաքացին, թէ ոչ:
Հայաստանի արտկարագ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան յայտնեց, որ «Սուրմալու»ի պայթումէն ետք փլատակներուն տակէն յայտնաբերուած քաղաքացիին մարմինը նոյնականացուած է եւ ճշդուած է անոր ինքնութիւնը: «Որոնողափրկարարական աշխատանքների արդիւնքում յայտնաբերուել է 16 քաղաքացու մարմին, բոլորը նոյնականացուած են», նշեց ան: