ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 17 Օգոստոսին, ինչպէս նաեւ 18ին սգոյ օրեր են՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերու յիշատակին։
Սգոյ օրերուն հանրապետութեան տարածքին վար առնուեցան պետական դրօշակները, յետաձգուեցան համերգները եւ ուրախ ձեռնարկները:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի բոլոր դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուեցան սգոյ մատեաններ: