ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յառաջիկայ 10 օրերու ընթացքին, կառավարութեան պիտի ներկայացուի տնտեսական խորհուրդի 5 խորհրդակցութիւններու ընթացքին կազմուած 200 ձեռնարկումներու ցանկը:
Այս խորհուրդին մաս կը կազմեն վարչապետը, նախագահի տնտեսական հարցերով գլխաւոր խորհրդականը, ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան, առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարները եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահը:
Ցանկը կը ներառէ ստուերային շրջանառութեան կրճատման, տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի (ՏՄՊՊՀ) իրաւասութիւնները շուկայի իրողութիւններուն եւ տնտեսութեան զարգացման աստիճանին համապատասխանեցնելուն օրէնսդրական առաջարկները:
Այս մասին յայտնեց առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան՝ Նոյեմբեր 1ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արտարժոյթի փոխարժէքի նուազման ազդեցութիւնը տնտեսութեան զարգացման եւ, մասնաւորապէս, արտահանման ծաւալներու վրայ» խորագիրով կլոր սեղանի ընթացքին: Ըստ նախարար Ճշմարիտեանի, կը նախատեսուի տնտեսական յանձնաժողովի մշակած ձեռնարկումներու քառորդը իրականացնել արդէն 2006-2007ին:
Նախարարը մանրամասնեց, որ այսօրուան դրութեամբ, ՏՄՊՊՀը աւելի հակամենաշնորհային յանձնաժողով է եւ յայտնեց, որ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը տնտեսական քաղաքականութեան եւ իրաւական խորհրդատուութեան հայ-եւրոպական կեդրոնի (AEPLAC) օժանդակութեամբ կը մշակէ գովազդի նոր օրէնքի նախագիծ: «Մեր խնդիրն է յանձնաժողովը հակամենաշնորհայինից դարձնել իրօք տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողով», նշեց ան: