«Շամլեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Կարօ Չափանեան ամոլը, խանդավառուած վարժարանին արձանագրած յաջողութիւններէն, 10,000 տոլար նուիրած է դպրոցին վերանորոգութեան հիմնադրամին:
«Այս օրերուն, երբ վարժարանը յատուկ ճիգ կը թափէ հսկայական ոստումներ կատարելու, այս նուիրատուութիւնը մեծ քաջալերանք եւ օգնութիւն է», յայտնեց վարժարանին Տնտեսական մարմնին ատենապետ Պետիկ Գազանճեան: Գումարը պիտի յատկացուի մարզադաշտի նորոգման եւ բարելաւման ծրագիրներուն: