ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միջազգային ճգնաժամային խումբը, որ տարիներէ ի վեր կը հետեւի առցախեան տագնապին` խօսելով թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնեաներուն հետ՝ յայտարարեց, որ Պաքու Արցախի մէջ կացութիւնը լարելով՝ կը հետապնդէ երեք նպատակներ, որոնց կ՛ուզէ հասնիլ ուժով կամ ուժի սպառնալիքով։
Պաքուի առաջին պահանջը, ըստ փորձագիտական խումբին, կը վերաբերի Ստեփանակերտէն Հայաստան տանող ուղիին` Լաչինի միջանցքին: Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները, մասնաւորապէս յայտնած են, թէ իրենց ընկալումով` Երեւան կը ձգձգէ այդ ճամբան շրջանցող նոր երթուղիի շինարարութիւնը, որուն մասին կողմերը պայմանաւորուած էին 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ: «Անոնք կ՛ուզեն յետաձգել Լաչին քաղաքի եւ շարք մը գիւղերու յանձնումը», ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեայ մը։
Երկրորդ պահանջը փաստօրէն, կը վերաբերի Արցախի մէջ գտնուող զինուած ուժերուն: Ատրպէյճան ապօրինի կը նկատէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ կը պահանջէ, որ ռուս խաղաղապահները զանոնք զինաթափ ընեն, մինչդեռ Հայաստան եւ Արցախ կը յայտարարեն, թէ նման հարց չէ դրուած 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ:
Տարակարծութիւն կայ նաեւ Արցախէն հայաստանեան զինուած ուժերու դուրս բերման վերաբերեալ: Երեւանը կը յայտարարէ, թէ շատոնց դուրս բերած է իր զօրքերը, Պաքու` կը հերքէ, վկայակոչելով Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Յուլիսի կէսերուն տուած հարցազրոյցը, թէ Հայաստան մինչեւ Սեպտեմբեր դուրս պիտի բերէ իր զօրքը:
«Անկէ ետք Երեւան կատաղի կերպով կը փորձէ հերքել այդ խօսքերը՝ պնդելով, որ անոնք դուրս բերուած են ընդհանուր պարունակէն», կը գրէ միջազգային խումբը եւ կը նշէ, թէ այդ նպատակը կը հետապնդէ նաեւ Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնը՝ նախորդ շաբաթուան կառավարութեան նիստին, թէ Հայաստանի զինուած ուժերը արդէն դուրս բերուած են Արցախէն:
Ատրպէյճանի ռազմական պաշտօնեաներէն մէկը, իր կարգին, Միջազգային ճգնաժամային խումբին ըսած է` Պաքու պիտի շարունակէ գործողութիւնները, քանի դեռ Արցախը ամբողջութեամբ չէ ապառազմականացած:
Միջազգային փորձագէտները կը նշեն, որ երրորդ պահանջով Պաքու, ըստ երեւոյթին, կը ձգտի բանակցութիւններու սկսիլ Խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, որուն միջոցաւ կ՛ակնկալէ վերջակէտ դնել հակամարտութեան՝ իր օգտին։ Թէեւ նախորդ Ապրիլին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեցին, թէ պատրաստ են բանակցութիւններու սկսիլ անոր շուրջ, սակայն Պաքուի մէջ դժգոհ են, թէ այնուհետեւ դիւանագիտական շփումները շատ դանդաղ կ՛ընթանան։
«Հայաստանի պաշտօնեաները միտումնաւոր կերպով կը ձգձգեն բանակցութիւնները», յայտնած էր Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով. «Անոնք այն կարծիքին են, որ կրնան սպասել մինչեւ որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուի յօգուտ իրենց»:
Հայաստանցի պաշտօնեաները, իրենց կարգին, Պաքուն կը մեղադրեն՝ պնդելով, որ ինքնին Ատրպէյճան կը փորձէ խոչընդոտել Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` օգտուելով այն հանգամանքէն, որ հիմա աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռած է Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին վրայ:
«Ադրբեջանը փորձում է ռազմավարական առաւելութեան հասնել` գրաւելով Փառուխը, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի եւ շփման գծի մերձակայքում գտնուող դիրքերը, որոնք գտնւում էին Ղարաբաղի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ», կ՛ըսեն հայաստանցի եւ արցախցի պաշտօնեաները:
Այս բոլորին լոյսին տակ, միջազգային փորձագէտները հարց կու տան, թէ արդեօք այս պարագային ռուս խաղաղապահները կրնա՞ն կասեցնել Ատրպէյճանի ընթացքը ու պահել հրադադարը` արձագանգելով, որ Մայիսի սկիզբը անոնք ամէնօրեայ հսկողութիւն կը կատարէին Լաչինի միջանցքին մօտ գտնուող Սարիբաբա բարձունքին վրայ: Ատրպէյճանի վերջին յառաջխաղացքէն օրեր առաջ, սակայն, այդ հսկողութիւնը դադրեցուեցաւ` ցարդ անյայտ պատճառներով:
«Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ ոմանք դժգոհ են խաղաղապահներուն, ըստ իրենցվ, անգործութենէն», կը գրեն փորձագէտները՝ աւելցնելով. «Հակառակ անոր որ պարզ չէ, թէ ռուսերը իրականութեան մէջ աւելին ընելու համար ինչ կարողութիւններ ունին»:
«Խաղաղապահները յաճախ իրենց անկարող են զգում. բոլորն են հասկանում, որ այսօր Ռուսաստանը թոյլ է առաւել, քան երբեւէ միջազգային ասպարէզում», նշեց Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը:
«Վերջին բախումները անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առին այն մարտահրաւէրները, որոնց կը բախի ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը», կը գրէ միջազգային խումբը՝ արձանագրելով, որ խաղաղապահները ցարդ յստակ յանձնառութիւն չունին, եւ յստակ չէ, թէ դիտարկումէն անդին ի՛նչ կրնան ընել:
Տակաւին մէկ տարի առաջ նոյն այս փորձագիտական խումբը յորդորած էր հակամարտող կողմերը՝ յստակացնելոի խաղաղապահներուն դերը: «Այսօր, սակայն, այդ մէկը խիստ անհաւանական կը թուի՝ նկատի ունենալով առաքելութեան հասցէին թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Ատրպէյճանէն հնչող քննադատութիւնները», կը յայտարարեն անոնք՝ աւելցնելով. «Այս հիասթափութիւնը կը սպառնայ վտանգել խաղաղապահներուն` դիտարկման յանձնարութիւնը իրագործելու կարողութիւնը, եւ երբ պահը հասուննայ, միջազգային միջնորդները պէտք է յորդորեն կողմերը վերանայլու այս հարցը, որ այս կամ այն կերպով պիտի յայտնուի օրակարգի վրայ 2025ին, երբ Պաքու եւ Երեւան պէտք է իրենց համաձայնութիւնը տան առաքելութեան շարունակութեան»:
Անհրաժեշտ է, որ արտաքին բոլոր խաղացողներուն միջեւ ըլլայ համաձայնեցուած դիւանագիտութիւն, կը նշեն փորձագէտները։
Շատ կարեւոր է, ըստ անոնց, որ արեւմտեան մայրաքաղաքները եւ Մոսկուա թոյլ չտան, որ Արցախի հարցով իրենց միջնորդական ջանքերը արիւնաքամ ըլլան Ուքրանիոյ հարցին մէջ դիմակայութեան պատճառով:
«Նոյնիսկ այսօր, պատերազմով հանդերձ, Մոսկուա աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ, քան Եւրոպական Միութիւնը կամ Ուաշինկթըն: Ռուսիա կը շարունակէ մնալ միակ երկիրը, որ պատրաստակամ է ուժեր ուղարկելու տարածաշրջանը` մնալով նոյն ժամանակ երկու կողմերու առանցքային առեւտրական գործընկերը: Այս հարցին մէջ Մոսկուայի հետ համագործակցութիւնը, որքան ալ տհաճ ըլլայ եւրոպական մայրաքաղաքներուն համար, կ՛աւելցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու հնարաւորութիւնները», կը յայտարարեն միջազգային փորձագէտները:
Խումբը կը պնդէ, որ պատերազմին վերադարձը տակաւին կարելի է կանխել, կարելի է նաեւ աջակցիլ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակմանն վերաբերող` նոր-նոր սկսող բանակցութիւններուն, «միայն թէ անոր համար արտաքին բոլոր խաղացողներուն միջեւ պէտք է ըլլայ համաձայնեցուած դիւանագիտութիւն»: