Հռոմի քահանայապետի Թուրքիա այցելութիւնը անցնող շաբթուան ընթացքին միջազգային լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց: Հասկնալի է անշուշտ պապին Թուրքիա այցելութեան դրդապատճառը: Նախ անոր համար, որ այդ թերակղզիի յատկապէս արեւմտեան քաղաքները հանդիսացած են քրիստոնէութեան ծաւալումի առաջին խարիսխները: Հետեւաբար, ոեւէ պապ բնականօրէն պիտի փափաքի այցելել այդ վայրերը: Կեսարիան, օրինակ, կը հանդիսանար քրիստոնէութեան վարչական ղեկավարումի կեդրոն: Նոյնիսկ Լուսաւորիչ ու իր յաջորդները կաթողիկոս օծուեցան Կեսարիոյ մէջ՝ տեղւոյն արքեպիսկոպոսին կողմէ, ձեւով մը ենթակայութիւն-հպատակութիւն յայտնելով անոր, մինչեւ որ Արշակ Բ.ի որդի Պապ վերջ տուաւ այդ սովորութեան, արժանանալով Արեւմուտքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խոժոռ հակազդեցութեան:
Դառնանք մեր նիւթին: Առաջին ակնարկով, հայութեան համար պատիւ մըն էր պապը հիւրընկալելը Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանէն ներս: Սակայն անընդունելի էր մեզի համար այն, որ հոն իր ունեցած ելոյթին մէջ ոչ մէկ ուղղակի ակնարկութիւն կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան, գործածելով միայն խուսափողական բառամթերք մը, որ երբեք յարիր չէ Քրիստոսի ու քրիստոնէական ճշմարտութեան յառաջապահը նկատուող հոգեւոր պետի մը: Քրիստոսի ծառան չի՛ կրնար խուսափիլ ճշմարտութենէն:
Այսօր, երբ նոյնիսկ մարմնաւոր իշխանութիւններ մէկդի նետած են թզենիի տերեւները ու իրերը կը կոչեն իրենց անունով (Ֆրանսա եւ Արժանթին), պապը խօսեցաւ յար եւ նման Թուրքիան չնեղացնելու ներքին տրամաբանութեամբ առաջնորդուող արեւմտեան կեղծ դիւանագէտներու, որոնք ամէն առիթով կը փորձեն իրենք զիրենք գերազանցել կեղծաւորութեան նոր ոլորտներ նուաճելու արշաւի մը մէջ:
Հասկնալի է, որ պապը կրօններու միջեւ երկխօսութեան ջատագովը պիտի հանդիսանայ: Սակայն հասկնալի չէ, որ ան ճշմարտութիւնը զոհէ եւ այնպիսի ճշմարտութիւն մը, որ խորքին մէջ բացարձակապէս ոչ մէկ կապ ունի կրօններու միջեւ արուեստականօրէն հրահրուող վէճի մը հետ: Մեր կարծիքով, պապը լռութիւն պահելով Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նկատմամբ, անուղղակիօրէն մեղսակից դարձաւ նոյն այդ վարքագիծին, մոռնալով իր նախորդին կեցուածքը քանի մը տարի առաջ՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: