
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, բարերարութեամբ լէյլաւանցի Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանի՝ Շաբաթ, 6 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6ին տեղի ունեցաւ Լէյլաւանի վերանորոգուած մարզադաշտի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապաքեանի, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային բազմութեան:
Ժապաւէնի հատումէն եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, ՀՄԸՄի Պաուշրիէի մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Նարինէ Ահարոնեան, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄի դաստիարակութիւնը ամփոփուած է «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին մէջ` առողջ մարդը եւ գիտակից հայը պատրաստելու մէջ, եւ այս ոգին ապրեցնելու համար վերանորոգուած է Լէյլաւանի մարզադաշտը, որուն գոյներով` կարմիրով, կապոյտով եւ նարնջագոյնով, նոր շունչ պիտի տրուի շրջանի մարզական կեանքին:
Ահարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզադաշտի վերանորոգութիւնը ստանձնած բարերար Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին, որուն մասնակցութեամբ կարելի եղաւ այս ծրագիրը իրականացնել:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ հակառակ հայրենիքին ապրած տագնապալի օրերուն, Լէյլաւանի մէջ Եռագոյնը եւ ազգային ոգին բարձր պիտի մնան, եւ մարզադաշտի գոյներուն ընտրութիւնը ասոր ապացոյցներէն է:
Տէմիրճեան յայտարարեց, որ Լէյլաւանի մարզադաշտին ամբողջական նորոգութիւնը ստանձնած բարերար Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեան ստանձնած է ՀՄԸՄի Պաուշրիէի մասնաճիւղի յառաջիկայ երկամեակի հովանաւորութիւնը` զօրակցելով միութեան աշխատանքներուն եւ խումբերու կազմաւորման ճիգերուն: Տէմիրճեան մեծապէս գնահատեց բարերարին հոգատար վերաբերմունքը իր հարազատ շրջանին նկատմամբ:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ անցեալին շրջանի դպրոցը մարզադաշտ չունէր, եւ քանի մը «խենթ»եր, բարերարութեամբ Նուպար Վարդանեանին, 1985ին գործնականացուցին Լէյլաւանի դաշտին կառուցումը, որ ո՛չ միայն ծառայեց դպրոցին, այլեւ ամբողջ շրջանին, հակառակ պատերազմի օրերուն եւ մեր ժողովուրդին դէմ հալածանքներուն` ցոյց տալով, որ հայութիւնը մահուան, աւերին եւ քանդումներուն դիմաց կը կառուցէ, սերունդ կը պատրաստէ, շինարար է:
Բագրատունի նշեց, որ այսօր հոգիի, բարոյական եւ մտային արժէքներու անկում գոյութիւն ունի, եւ երիտասարդութիւնը օր ըստ օրէ մեր իրականութենէն կը հեռանայ, սակայն շնորհիւ մեր կառոյցներուն եւ այս պարագային ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, կը ստեղծուին նոր կարելիութիւններ կամ կը վերանորոգուին, որպէսզի աշխատանքները նոր թափ եւ ոգի ստանան:
«Տակաւին կը հաւատանք, որ Լէյլաւանը հայու հոգի ունեցող ժողովուրդ է, որուն արժանաւոր զաւակներէն մէկը Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանն է, որ անաղմուկ կերպով անցեալին եւ այսօր կը զօրակցի իր ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի Լէյլաւանին: Վարձքը կատա՛ր բարերարին: Վստահ եմ, որ իր ձեռքը այս շրջանին վրայէն պիտի չելլէ», ըսաւ Բագրատունի:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին ելոյթ ունեցան Լէյլաւան ամառնային դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք երգեցին «Յառաջ նահատակ»ը: Ապա նորոգուած դաշտին մէջ լէյլաւանցիները խաղացին պասքեթպոլի խաղ մը: Բացումէն ետք Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն մը:
