Երեխաները մեծցնելը ու զանոնք դաստիարակելը մարտահրաւէր մըն է բոլոր մայրերուն համար ու միաժամանակ սպառիչ աշխատանք, որուն իսկական տարողութիւնը միայն մայրերուն յստակ է: Զանոնք կերակրելը, սորվեցնելը, հանգստացնելը, լոգցնելը, վէճերը հանդարտութեամբ եւ արդարութեամբ լուծելը ու երբեմն անոնց ետեւէն վազվզելը կը սպառէ ձեզ: Անկախ չափազանց յոգնութենէն, կը նկատէք, թէ բաւարար ժամանակ չունիք այլեւս ընթրիք պատրաստելու, տունը մաքրելու ու կոկելու եւ մանաւանդ հանգստանալու եւ լիցքաթափուելու (relaxation): Այս մէկը ձեր անճարակութիւնը չէ, այլ գործին հսկայութիւնը, մի՛ յուսահատիք: Բարեբախտաբար, կան կարգ մը դիւրին ու կարեւոր ձեւեր, որոնք բաւականին կը նպաստեն այդ տաղտուկին նուազեցման ու համեմատաբար ժամանակ կը յատկացնեն մեզի: Այդպիսով կը կատարենք մեր նախասիրածները ու նաեւ կը հանգստանանք:
Առաւօտեան ժամերը:
Փորձեցէք քանի մը վայրկեան տրամադրել ձեր երեխային օրուան կատարելիքներուն մասին խօսելով: Այս մէկը աւելիով պիտի արագացնէ իր շարժումները, որովհետեւ պիտի խանդավառուի: Իսկ հագցնելու պարագային կարելի է իր քնացած միջոցին այդ «արարողութեան» սկսիլ եւ մինչեւ աւարտիլը արդէն ձեր երեխան արթուն է: Այս պարագային անհրաժեշտ է յիշեցնել, թէ դուք հագուած ու պատրաստ պէտք է ըլլաք:
Ուտելիքները: Չանացէք գիշերուընէ արդէն ձեր ուտելիքներու «սակառը» պատրաստել ամբողջութեամբ եւ տոպրակով մը զայն սառնարան տեղադրել: Չարդուած պտուղը, մածունը, պտուղի հիւթերը, պանիրը, եւայլն…: Եթէ յիշողութեանդ չես վստահիր, ինքնաշարժիդ բանալիները զետեղէ այդ տոպրակին վրայ: Առանց ինքնաշարժի դուրս չես կրնար ելլել: