ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 5ի առաւօտուն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը ԼՂՀ փորձագէտներու մասնակցութեամբ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին յարող տարածքներուն մէջ բնապահպանական իրավիճակի գնահատման իր աշխատանքին: Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, դիտարկումը կը կատարուի ատրպեճանական կողմէն:
ԼՂՀ ղեկավարութեան պնդումով, դիտարկումը յետաձգուած է, քանի որ ղարաբաղեան կողմէ առաջադրուած էին որոշակի պահանջներ՝ նշուած դիտարկման ձեւաչափի վերաբերեալ եւ համապատասխան դիւանագիտական արձանագրութիւն յղուած է ԵԱՀԿին:
Ըստ ԼՂՀ ԱԳ նախարար Գէորգի Պետրոսեանի, յղուած արձանագրութեան մէջ յստակօրէն արտայայտուած ԼՂՀի ղեկավարութեան դիրքորոշումը դիտարկման ԼՂՀ փորձագէտներու մասնակցութեան վերաբերեալ:
«Մենք ցաւում ենք, որ ԵԱՀԿի կողմից անհրաժեշտ պայմաններ չեն ստեղծուել հրդեհների հետեւանքով տուժած տարածքներում բնապահպանական իրավիճակը գնահատելու նպատակով ստեղծուած ԵԱՀԿ առաքելութեան կազմում ԼՂՀ ներկայացուցիչների մասնակցութեան համար: Սակայն այդ չի բացառում տուեալ դիտարկմանը ղարաբաղեան փորձագէտների մասնակցութեան հնարաւորութիւնը եւ առաքելութեանը ԼՂՀ ներկայացուցիչների միանալու կապակցութեամբ, նրա իրականացումը յետաձգուել է մի քանի օրով», յայտարարեց ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը:
Ըստ ԼՂՀ ԱԳ նախարարութեան՝ ԼՂՀ իշխանութիւններու տրամադրութեան տակ գտնուող հաւաստի տեղեկութիւններով, Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած Ղարաբաղի տարածքներուն մէջ տագնապայարոյց իրավիճակ է՝ զանգուածաբար կ’ոչնչացուին Շահումեանի շրջանի անտառները, լրջօրէն խախտուած է Մարտունիի շրջանի արեւելեան մասի բնապահպանական հաւասարակշռութիւնը: