ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանականներու ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէ առաւել քան 80 մասնակցողներ միօրեայ երկխօսութիւն մը ունեցան Շաբաթ, 30 Յուլիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ։ Զրոյցին խորագիրն էր՝ «Սփիւռքահայ երիտասարդը՝ այսօր եւ վաղը»։ Մասնակցողները վեռոնշեալ նիւթին շուրջ իրարու հետ բարձրաձայն մտածելու առիթը ունեցան եւ արծարծեցին սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄական Կարէն սրկ. Եօսուլքանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակցողղներուն եւ դասախօսներուն՝ ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ 2022ը վեհափառին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին նշանաբանին տակ հաւաքուած ըլլալու միտք բանին։ Ան ըսաւ, որ ազգանուէր աշխատանք տանելու համոզումն է այն շարժառիթը, որ կը մղէ իր ինքնութեամբ հետաքրքրուող հայ երիտասարդը աշխոյժ գործունէութիւն տանելու իր համայնքին մէջ՝ յանուն ազգային արժէքներու ու իտէալներու։ Այս ծիրին մէջ ան դիտել տուաւ, որ ՀԵՀՈՄին կազմակերպած սոյն հաւաքը կը միտի լսել իրարու, խօսելու իրար հետ եւ ծրագրելու միասնաբար՝ ի նպաստ առողջ Սփիւռքի։
Օրը բաղկացած էր երեք նիստերէ։ Առաջին նիստը յատկացուած էր Հայ Դատին։ Նիստին ընթացքին դոկտ. Նորա Պայրագտարեան եւ Եղիա Թաշճեան՝ իբրեւ զրուցավար ունենալով Կարէն սարկաւագը, զեկուցեցին Հայ Դատին վերաբերող հարցերու մասին։ Դոկտ. Պայրագտարեան ներկայացուց Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատի պատմականը եւ ներկայ հանգրուանը, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատճառներով դատին առջեւ ծառացած խոչընդոտները եւ Կկաթողիկոսութեան առնելիք յառաջիկայ քայլերը։ Իսկ Թաշճեան անդրադարձաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու զանազան երեսները եւ ներկայ դարուն տրամադրած միջոցները եւ հմտութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։



Երկրորդ նիստի նիւթն էր՝ ազգային մշակոյթը եւ անկէ բղխած արժէքները։ Նիստին ընթացքին, Գայիանէ Մածունեան եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան խօսեցան մշակոյթ եւ արժէք սահմանումներուն ու բաղադրիչներուն մասին։ Քրիստ Խրոյեանի զրուցավարութեամբ ադրադարձ կատարուեցաւ արժէքներու, մշակոյթներու իմաստաւորման մէջ հաստատութիւններու եւ կառոյցներու դերակատարութեան, արժէքներ իւրացնելու կարեւորութեան մասին, բարձր մշակոյթ եւ ցած մշակոյթ հասկացողութիւններուն, ազգային ու համամարդկային արժէքներ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթին՝ միատարր ըլլալու հասկացողութեան եւ հաւաքական ու անհատական արժէքներու մասին։
Երրորդ նիստին Հրակ Աւետանեան եւ Փաթիլ Եսայեան, զրուցավարութեամբ Արազ Գոճայեանի՝ խօսեցան հայ երիտասարդը` դէմ յանդիման նորարարութեան մարտահրաւէրներու նիւթին շուրջ եւ առաւելաբար լուսարձակի տակ առին կրթութեան մարզը, ազգային ընկերային կեանքը, Հայ Դատի պահանջատիրութեան կերպերը, հայկական դիմագիծ հասկացողութիւնը, հինի եւ նորի յարաբերութիւնները, ձեւի եւ արդիւնքի մասին։
Օրուան աւարտին մասնակցողները երեք խումբերու բաժնուելով՝ վերոնշեալ նիստերէն բխած հարցադրումներու ճամբով մշակեցին ծրագիր մը եւ զայն ներկայացուցին՝ իբրեւ խմբային աշխատանք։
Նշենք, որ նիստերուն ընթացքին, կաթողիկոսը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ եւ աւռաւել քան ժամ մը զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ՝ մեր ազգը, ի մասնաւորի սփիւռքահայութիւնը եւ սփիւռքահայ երիտասարդը յուզող ու տագնապեցնող մարտահրաւէրներու շուրջ։