
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան իր ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը պիտի շնորհէ քոնկրեսական Ճեքի Սփիրին՝ տասնամեակներով հանրային սպասարկութիւններու ընթացքին հայ համայնքին նեցուկ կանգնելուն համար:
Քոնկրեսի մէջ իր տպաւորիչ գործունէութեան ընթացքին, Սփիր հպարտօրէն զօրակցած է Հայկական Հարցին՝ յառաջ մղելով յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դասաւանդման ու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքները:
Հայկական արմատներ ունեցող երկու քոնկրեսականներէն մէկը հանդիսացող Սփիր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետն է եւ ամէն առիթով կրցած է հայութեան ձայնը հասցնել իր պաշտօնակիցներուն, մեծապէս յարգելով իր ազգային ժառանգութիւնը, միաժամանակ ըլլալով արդարութեան եւ հաւասարութեան յանդուգն ջատագով մը, արժանանալով իր պաշտօնակիցներու յարգանքին:
Սփիրի մայրը` Նենսի Քանչելեսեան, ծնած է Ֆրեզնօ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցած է մեծ թիւով ազգականներ: Հետաքրքրականօէն, Սփիրի հօր հայրը, որ հրեայ էր, Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն բանտարկուած իր Գերմանիոյ կեդրոնացման ճամբարներու մէջ:
1978ին տեղի ունեցած «Ճոնզթաունի սպանդ»ին ընթացքին, Սփիր, որ կ՛ընկերակցէր նոյն միջադէպին ընթացքին սպաննուած քոնկրեսական Լիօ Ռայընին, ծանրօրէն վիրաւորուած էր, սակայն աննկուն կամք ցուցաբերելով՝ քաղաքական կեանքին մէջ շարունակեց սպասարկել, իր լուման բերելով թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Հայաստանի բարգաւաճման ջանքերուն:
1980ին ան ընտրուեցաւ Սան Մաթէօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդ անդամ՝ հանդիսանալով այդ մարմինի ամէնէն երիտասարդ վերահսկիչը, որմէ ետք հինգ առիթներով ընտրուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եւ երեք անգամ` Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ, իսկ 2008ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ՝ ներկայացնելով քոնկրեսական Ռայընի ընտրատարածքը:
Քոնկրեսին մէջ իր գործունէութեան արգասիքներէն մէկը հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը թէ՛ Քոնկրեսին եւ թէ նախագահ Ճօ Պայտընին կողմէ, որմէ ետք ան յայտարարած էր. «Նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յստակ պատգամ մըն է ուրացողներուն, թէ պատմութիւնը կարելի չէ ջնջել: Ապաքինումը կը սկսի իրականութիւնները ընդունելով, որքան ալ գորշ ըլլան անոնք», միաժամանակ դատապարտելով Թուրքիոյ ցեղասպանական արշաւը Արցախ հասցուցած Պաքուի իշխանութիւնները:
«Քոնկրեսական Սփիր Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան շահերուն ջատագովը եղած է եւ բախտաւոր ենք, որ իրեն նման ներկայացուցիչ մը ունինք, որ նաեւ լաւ օրինակ է քաղաքական կեանք նետուելու պատրաստ երիտասարդ հայորդիներուն», կը յայտնէ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մեթ Սենեքերիմեան:
«Քոնկրեսական Ճեքի Սփիր ներշնչումի աղբիւր է բոլորիս համար: Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու իր դիրքին շնորհիւ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանք դրուած է ամուր հիմերու վրայ, իսկ իբրեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ատենապետ անոր ջանքերը պատմական փոփոխութիւն յառաջացուցին», կ՛աւելցնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Սփիրի հայանպաստ գործունէութեան մանրամասնութեան ծանօթանալու համար այցելել https://ancawr.org/anca-press-releases կայքէջը, իսկ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկի տոմսերը ապահովելու համար` ancawr.org/gala2022tickets կայքէջը:
Ծնունդով Իրաքհայ 1915ի Ցեղասպանության երկու վորբ ծնողների զավակ հաստատված Կանադա մեծ հետաքրքրունով և հպարտօրէն հետեւածեմ Միացյալ Ամերիկայի Հայ Դատի հոծն աշխատանքային հաջողեցնելու Ամերիկայի Նախագահների արդարացի ճանաչումը, վերջապես կը պարտինք Նախագահ Բաեդընին բացահայտ ճանաչել Հայոց Ցեղասպանությունը. Առավել կը պարտինք Միացյալ Նահանգների Ծերակոուետի բոլոր անդամներին յատկապէս Դեմոկրատական վորուն մեջ մեծ աշխատանքներ վարելով արմատներով Հայ Ճեքի Սփիր, արյանիէ Հայ Դատի նվիրատութեան, կանխահայտ շնորհավորաննքներս.