«Ռուսական վերջին յարձակումը, որ թիրախ դարձուց Ուքրանիոյ Օտեսա նաւահանգիստը՝ Սեւ ծովուն ճամբով հացահատիկի արտածման համաձայնութեան շուրջ կասկածներ կը ստեղծէ», յայտնեց Սպիտակ տունը՝ աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ միջազգային ընտանիքին հետ Ուքրանիոյ հացահատիկի ցամաքի ճամբով արտածումները աւելցնելու ընտրանքները սերտել»:
«Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ հետ կ՛աշխատի Օտեսայի նաւահանգիստին վրայ ռուսական յարձակումէն ետք երկրէն հացահատիկները ցամաքի եւ երկաթուղիի ճամբով դուրս բերելու այլընտրանքային ծրագիրի մը վրայ», նախապէս յայտնած էր Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիա եւ Ուքրանիա, ՄԱԿի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջնորդութեամբ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք, ուքրանական հացահատիկի Սեւ ծովու ճամբով արտածման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցած էին: Ռուսական ուժերը մէկ օր ետք հրթիռներով հարուածած էին Օտեսայի նաւահանգիստը, ուր կը գտնուին հացահատիկներու գլխաւոր պահեստանոցները: