Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5ին կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսա այցելող Թուրքիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը, որ Փարիզի մէջ շփումներ կատարեց կանխարգիլելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրինագծին վաւերացումը, կարգ մը ակնարկութիւններ ըրած է Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած հայաստանցիներու մասին։ Պատուիրակութեան ներայացուցիչը ազդարարած է, թէ «եթէ օրինագիծը վաւերացուի, Թուրքիա կրնայ ետ ղրկել 70 հազար փախստական հայաստանցիներ, որոնց նկատմամբ լայնախոհութիւն ցոյց տուած են ցարդ»։
Յատկանշական է նաեւ, որ Թուրքիա հաստատուած հայաստանցիներուն թիւը յանկարծ բարձրացած է մինչեւ 70 հազարի, մինչ ցարդ կը խօսուէր 30 հազար հայաստանցիներու մասին։
Պատուիրակութեան անդամներէն մէկն է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Շիւքրիւ Էլէքտաղ, որուն հակահայ գաղափարները ծանօթ են բոլորին: