ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 26-29ին, Ճափոնի մէջ գումարուած «Կրօնները վասն խաղաղութեան» միջկրօնական համաշխարհային կազմակերպութեան 8րդ համաժողովը ընտրած է պատուոյ նախագահները։ Արամ Ա. կաթողիկոսը միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ պատուոյ նախագահներէն մէկը, հովանաւորելու համար միջազգային սոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնը։
Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր մասնակցելու այս ժողովին, սակայն Լիբանանի վերջին իրադարձութեանց բերումով չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել: Համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 800 պատգամաւորներ, աւելի քան 70 ազգութիւններէ ու կրօններէ։
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ճափոնի վարչապետը, ողջունելով աշխարհի կրօններու ներկայացուցիչները։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննան, իր յղած ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կրօններու դերակատարութեան, աշխարհը դէպի խաղաղութիւն առաջնորդելու ճամբուն մէջ։
«Կրօնները՝ վասն խաղաղութեան» կազմակերպութիւնը հիմնուած է Ճափոնի մէջ գումարուած իր առաջին համաժողովին ընթացքին (1970), այնուհետեւ համաժողովներ տեղի ունեցած են Պելճիքայի (1974), Միացեալ Նահանգներու (1979), Քենիոյ (1984), Իտալիոյ (1994) եւ Յորդանանի (1999) մէջ, քով-քովի բերելով աշխարհի տարբեր կրօնները, որպէսզի համաշխարհային մարտահրաւէրները հաւաքական ճիգով դիմագրաւուին։