ՇՈՒՇԻ, «Նոյեան Տապան».- Շուշի քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 4ին տեղի ունեցաւ «Շուշիի վերածնունդ» հիմնադրամի շնորհահանդէսը, ուր յայտարարուեցաւ քաղաքի երբեմնի փառքը, նրա մշակութային, կրթական եւ լուսաւորչական աւանդոյթները վերականգնելու նպատակով ազգային նիւթական եւ հոգեւոր ներուժի միաւորման գործընթացի սկիզբը: Հիմնադրամը իր առջեւ ունի հետեւեալ նպատակները. յիշեցնել Շուշիի փառաւոր անցեալի մասին, մարդկանց մօտ սէր արթնցնել քաղաքի նկատմամբ, որը անգնահատելի դեր եւ նշանակութիւն ունի հայոց պատմութեան մէջ, միաւորել ազգային ներուժը՝ յանուն քաղաքի վերականգնման, ըսուած է հիմնադրամի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը, մասնակցութեամբ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի, ԼՂՀ վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեան, ԼՂՀ կառավարութեան անդամներ, Շուշի քաղաքի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ:
«Շուշիի վերածնունդ» հիմնադրամը, որը ստեղծուած է 2006ի գարնան, Ե. Զախարեանի նախաձեռնութեամբ, ոչ կառավարական բարեգործական կազմակերպութիւն է: