ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետ, Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ժաք Պրաւոն Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ուղեկցութեամբ Հոկտեմբեր 4ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Ժ. Պրաւոն թանգարանի տնօրէն Լ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ կատարուած ոճիրները ապացուցող վաւերագիրներուն: »Ես այս առաւօտեան կրում եմ Փարիզի ժողովրդի յուզմունքը Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տելանոյի հետ: Մի ժողովուրդ, որ չի ցանկանում մեռնել, չի մեռնում երբեք«, թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրեց ան:
Պրաւոն յոյս յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ի վերջոյ կ’ընդունուի ամբողջ աշխարհի մէջ: »Փարիզում 20 տարի առաջ Ցեղասպանութեան դատապարտմանն ուղղուած ցոյցերին ես էլ եմ մասնակցել«, յայտնեց ան:
Հ.Յ.Դ. »Նիկոլ Աղբալեան« ուսանողական միութեան կողմէ կազմակերպուած Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Պրաւօ յայտարարեց, թէ »անշրջելի է Ֆրանսայի կողմից Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու հարցը, մենք բոլորս պէտք է միահամուռ կերպով պայքարենք ցեղասպանութեան ճանաչման համար«։ Ան նշեց, որ ցեղասպանութիւնը ժխտողներու նկատմամբ խիստ օրէնք պէտք է կիրառուի։ »Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանաչի Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ դա իրողութիւն է«, շեշտեց ան։ Պրաւօ դիտել տուաւ, որ 2007 թուականին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ հարցին քննարկման ընթացքին շատ վէճեր կրնան ծագիլ։ »Թուրքիա ո՛չ պատմականօրէն, ոչ էլ տարածքային հարցերով չի համապատասխանում Եւրոպային«, նշեց ան։
Պրաւօ հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանի եւ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեանի հետ: