ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ֆրանսայի Ազգային տօնին (14 Յուլիս, Պասթիյի օր) առիթով նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Ալիեւ գրած է, թէ Պաքու մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել:
«Ատրպէյճան, վերջ դնելով իր տարածքներու 30ամեայ բռնագրաւման, մտադիր է շրջել պատերազմի էջը, կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել», Մաքրոնին յղած նամակին մէջ գրած է Իլհամ Ալիեւ՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ Ֆրանսա իր ներդրումը պիտի ունենայ այդ պայմանագիրի նախապատրաստութեան գործընթացին մէջ:
«Կը հաւատամ, որ Ֆրանսա արժէքաւոր ներդրում պիտի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան գործընթացին մէջ՝ մեր ներկայացուցած հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ՝ յենելով միջազգային իրաւունքին վրայ», կ՛ըսուի նամակին մէջ: