ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ 2014ին, հիւսիսյաին Իրաքի Սինճար շրջանին մէջ եզիտիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը:
Խորհրդարանին կողմէ վաւերացուցած բանաձեւը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ՝ «աշխատանք տանելու եզիտի ժողովուրդի տառապանքը թեթեւցնելու ուղղութեամբ»: