ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2008ի կէսերուն կը նախատեսուի աւարտել Հրազդանի ջերմաելեքտրակայանի 5րդ բաժինի վերակառուցումը:
Այս մասին Հոկտեմբեր 31ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց «ՀայՌուսկազարդ» ընկերութեան վարչութեան խորհուրդի նախագահ, գլխաւոր գործադիր տնօրէն Կարէն Կարապետեան եւ նշեց, որ վերակառուցման համար ներդրուած է 180 միլիոն տոլար:
Կարէն Կարապետեան նշեց նաեւ, որ ներդրումներու վերադարձը ապահովելու վերաբերեալ կառավարութիւնը որեւէ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած: