Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Շաբաթ օր Դամասկոս կատարած իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ներկայացուցած է «ապահովական մտավախութիւնները, զորս քանի մը օր առաջ Անգարա այցելութեանս ընթացքին ինծի յայտնեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու»:
Ապտոլլահեան «Ինսթակրամ»ի վրայ գրած է հետեւեալը. «Անկեղծօրէն յայտնեցինք, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը հարցերը երկխօսութեան եւ գործակցութեան ճամբով լուծելն է, եւ կը մերժենք ուժի կիրարկումը ու Սուրիոյ դէմ որեւէ զինուորական արարքի գործադրումը: Սուրիա այցելութեանս ընթացքին հանդիպում ունեցայ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: «Ձեր Թեհրան վերջին այցելութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները յառաջ մղելու մէջ շրջադարձ մըն է», ըսի անոր: Այս առումով Ասատ այն կարծիքը յայտնեց, որ իրանեան-սուրիական յարաբերութիւնները աւելի քան 40 տարիէ ի վեր կը զարգանան, եւ Իրան-Սուրիա կապը երկկողմ յարաբերութիւնները շրջանցող ռազմավարական դաշինք է»:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները՝ Ասատին ըսելով. «Բացայայտ այս յարձակումին նկատմամբ արեւմուտքցիներուն լուռ մնալը այդ երկիրներուն մէջ երկակի չափանիշներու ցուցանիշ է»:
Իր կարգին Ասատ շեշտեց «ներկայ կացութեան մէջ այս այցելութեան կարեւորութիւնը» եւ այն կարծիքը յայտնեց, թէ «շրջանային եւ միջազգային ներկայ պայմաններուն պատճառով, շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնը փոխող կացութիւն կը գոյանայ»:
Նշենք նաեւ, որ Ապտոլլահեան Շաբաթ օր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Տարածաշրջանին մէջ որեւէ օտարերկրեայ միջամտութիւն սխալ է եւ կացութիւնը պիտի բարդացնէ։ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ թրքական զինուորական քայլ շրջանին կայունութիւնը պիտի քայքայէ»:
Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ Իրան ջանք պիտի թափէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական տագնապը կանխարգիլելու համար:
«Պատրաստ ենք որեւէ քաղաքական լուծում ներկայացնելու եւ Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական քայլի դէմ ենք», ըսաւ ան՝ նշելով, որ Թեհրան «կը զօրակցի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հարցերը դիւանագիտական միջոցներով լուծելուն»:
Մըքտատ իր կարգին յայտնեց. «Իրան ջանք կը թափէ Թուրքիոյ հետ խնդիրները լուծելու, առանց պատերազմի փող հնչեցնելու»՝ յայտարարելով, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ «այս ուղղութեամբ իրանեան դերակատարութիւնը»:
Մըքտատ դատապարտեց «շրջանին մէջ ահաբեկչութեան եւ պատերազմի շրջագիծը ընդլայնելու արեւմտեան փորձերը», եւ իր խօսքը Իսրայէլին ուղղելով՝ յայտարարեց. «Մենք չափ եւ սահման ունինք ու կրնանք իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ դնել»:
«Եգիպտոսը իսլամական աշխարհին մէջ կարեւոր երկիր է։ Կ՛ողջունենք Թեհրանի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւններու հզօրացումը եւ ամրապնդումը, որ ի շահ շրջանի պետութիւններուն ու երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ է», պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին Եկուշաբթի օր, Դամասկոսի մէջ յայտնեց Ապտոլլահեան:
Անդրադառնալով Պաղտատի մէջ Իրան-Եգիպտոս-Յորդանան բանակցութիւններու մասին լուրերուն՝ ան յայտնեց, որ «եգիպտական կողմին հետ ներկայիս ուղղակի բանակցութիւններ չկան»՝ աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար ջանքեր գոյութիւն ունին: