
Մայիս 28ը Սոֆիայի Մէջ
Սոֆիայէն կը գրեն «Ճակատամարտ»ին.-
Տեղւոյս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէն եւ Ռամկավար-Ազատական կուսակցութիւնը որոշեցին Մայիս 28ը տօնել պատշաճ կերպով եւ հետեւաբար հրաւիրեցին նաեւ տեղւոյս Ս. Դեմոկրատ մասնաճիւղը, թաղականութիւնը, հոգաբարձութիւնը, ուսուցչ. մարմինը, սկաուտական միութիւնը եւ դպրաց դասը, որոնք, բացի Ս. դեմոկրատներէ, սիրով ընդունեցին հրաւէրը։
Մայիս 28ի Կիրակին, հոծ բազմութիւն մը փութացած էր եկեղեցիին բակը. դուռը զարդարուած էր եռագոյնով եւ դալարիքներով։ Պատարագէն եւ գոհաբանական աղօթքներէն ետք, բակին մէջ հանդէսը բացուեցաւ «Մեր Հայրենիք»ով։
Խօսեցան Բուլգարիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Պ. Յ. Մավեան եւ Նժդեհ, որոնք պարզեցին օրուան նշանակութիւնը։
Ծաղիկներէ եւ նուէրներէ գոյացաւ մօտաւորապէս 2500 լէվա, որ Պոլսոյ ՀՕ Մարմինին պիտի ղրկուի, յատկացնելու համար Հայաստանի սովեալներուն։
Յուլիս 7, 1922, թիւ 868