ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Երէկուընէ ի վեր սա հատորը ափերս կ՛այրէ: «Ես Եմ, Ես Կա՛մ» պատկերագիրքը ներառում է արցախեան 44օրեայ պատերազմում նահատակուած քսանհինգ հերոս երիտասարդ արուեստագէտների ստեղծագործութիւնների ընտրանին: Նախաձեռնութիւն` Համազգային Հայ Մշակութային ու Կրթական միութեան:
Քսանհինգ են անոնք. ինքնավստահ, ժպտուն, մտածկոտ, վճիտ նայուածքով տղաք, որ կեանքի անդաստանին մէջ իրենց օրերը կերտելու փոխարէն` հաւաքուեր են։ Մահը զիրենք փոխադրեր է ալպոմի մը մէջ:
Փոքր քառակուսի պատուհաններու մէջ կը յայտնուին իրենց դէմքերը. ճակատագիրը քով քովի բերեր է զիրենք:
Ամէն մէկը իր էջին վրայ ցոյց կու տայ աւելի մեծ պատուհան մը: Պատուհաններ են, ուրկէ լոյսը շողալով-շաղալով մտած պահուն յանկարծ մթնած է տարածքը: Հազիւ կեանքին գոյները կ՛որոնէին, քարացաւ աշխարհը, իրենց պայծառ աչքերը բաց ու անթարթ մնացին: Անկէ լոյսը պիտի կայտռէր ու շողշողար, թերեւս ալ մութը յորդէր ու գաղտնամուտ դռներ բանար:
Մեր արդէն «փոքրիկ ածու»ին մէջ նորաբոյս տաղանդներ` վրձինի ընձեռած կարելիութիւններով հմայուած էին, գոյնին իմաստ կու տային: Իրենց շրջապատին համ ու բոյր պիտի տային: Անոնք աճիւն ու փոշի պիտի չդառնայի՛ն:
Արթուր Ասրեան, Գոռ Աւագեան, Վահագն Աւանեսեան, Գոռ Աւետիքեան, Գէորգ Արշակեան, Արթուր Բալասանեան, Անդրանիկ Գրիգորեան, Արմէն Գրիգորեան, Մորիս Գրիգորեան, Արտակ Թովմասեան, Աժդահակ Կիրակոսեան, Ալիկ Հախվերդեան, Գոռ Յակոբեան, Խորէն Հաջաթեան, Արման Յարութիւնեան, Յարութիւն Ղազարեան, Յովհաննէս (Ջոն) Մազմանեան, Յակոբ Մելիքսեթեան, Միսակ Մկրտչեան, Վիգէն Մուրադեան, Հայկ Նալբանդեան, Արամ Պօղոսեան, Մուշեղ Վարդանեան, Էդգար Տօնականեան, Տարօն Ֆիլիպոսեան:
Իւրաքանչիւրը ընտանիքի մը հիւսկէնն էր, ամէն օր ծուէն ծուէն, ժպիտ առ ժպիտ: Պաղպաղակով, ապուրով, ճինկեալ հացով: Մայրը իր սիրոյն ուժը առած` թեւեր կու տար զաւկին, որ իր կապոյտ երազը երկնէ: Ասպարէզ պիտի ընդգրկէին, կին ու զաւակ գրկէին: Իրենց ձայնով հրճուանք բերէին:
Դեռ ոտնագնդակ պիտի խաղային, յորդ ջուրերու մէջ նաւարկէին, մինչեւ իսկ «պանճի ճամփինկ» ընէին:
Իրենց մայրը հանգիստ կը նիրհէր, երբ զաւակը տունն էր: Ուզէ-չուզէ այլեւս ճաքճքած է ծնողքին, իրենց սիրելիներուն սիրտը: Իսկ եթէ մեծ մայր, մեծ հայր ունէի՜ն:
Հիմա ընդամէնը` անուն մը, ծննդեան թուական մը. կեանքէն հեռացումի վայրն ու պահը: Ոմանց հոգեվարքը երկար տեւեց հաւանաբար. անոնք արդէն արիւնլուայ զիրար կ՛ազատէին: Հիմա քով քովի են եւ ուղղակի կը նային մեզի՛: Նախապէս Կեանքի՛ն կը նայէին:
Մշակոյթի սրտին թրթռում փոխանցող, գոյնին` մարմին, մարմնին հոգի տուող մատղաշ տղաք, որոնք հրուած էին առաջին շարքերուն պատերազմի, հաւատացած, թէ հայրենիք կը պաշտպանեն: Երբ, ըստ երեւոյթին, մեծաւորնե՛րը հեռացած էին, զէնքերը անզօր, պաշտպանուելու վայրը սահմանափակ:
Հայրենի հողին ամէն մէկ թիզին մէջ հայու արիւն կայ, կամ` հայու քրտինք: Հայու մասունք կայ եւ երկիւղածութիւն: Դո՛ւք` պետական այրեր, ռազմավարներ ու բանակի պատասխանատուներ, հայրենիքի սրբութեան ու կեանքի որբութեան միջեւ գտնուող իմաստին հաշիւը ըրի՞ք: Հաշի՜ւ տուէք այլեւս: Ի՛նչ անցաւ-դարձաւ: Քառասունչորս օր ելեկտրական հոսանքի մէջ բռնուածի պէս կը ցնցուէինք : «Ահաւոր բան»եր կատարուեցան հայոց երկինքին տակ: Խլեցին, խլեցին, նոյնիսկ որ չխլեցին, դո՛ւք դիւրութեամբ յանձնեցիք: Երբ լուսավառ, սակայն «տժգոյն» նկատուած Շուշին ալ ինկաւ, մութ ծրագիրը ամբողջացած էր: Երկրի մարմինը փլատակ, հոգին վիրաւոր:
Եռաբլուրը կազմուեցաւ Շարայէն աւելի մեծ որկոր ունեցող, թշնամիին դէմ չպաշտպանուող պատասխանատուներու կողմէ: Զիրար ծածկեցին, քով քովի թխմուեցան, խճճեցին ու խճճուեցան, ամփոփուեցան, եւ մենք անոր սուր գագաթին վրայ զետեղուած հայ ռազմիկին աճիւնը տեսանք, կաթիլ մը ուռած արցունք:
Բայց բան մը կայ, որ յարատեւօրէն պիտի շարժի այդտեղ. իր հօր նման կը ծածանի Եռագոյնը, անիկա կը պատմէ խունկին, հովին, կապոյտին, ցօղունին ու ծառերուն, այցելուներուն ու թռչուններուն, կը պատմէ իր զաւկին մասին. որ միշտ նոյն տարիքին պիտի մնայ:
Եռագոյնը եւ հայ ռազմիկը իրար փաթթուած կ՛ապրին, զիրար կը պաշտպանեն: Եռաբլուրի վրայ կայնած ամէ՛ն մէկ Եռագոյն իր ուրոյն պատմութիւնը ունի իր նահատակին մասին:
Այս հատորը կրակի պէս ինչպէ՞ս չայրէ: Էջ-էջ իր գեղանկարներէն, քանդակներէն ցոյց կու տայ կորուսեալ դրախտ մը: Իրենցմէ խլուա՛ծ դրախտ մը: Հայելիի ջարդուած փշուրներով շրջափակուած նաւակ մը, որ հեռուները երթալու իրաւունք ունէր, պաստառ մը, որ անծանօթ հորիզոններ կրնար գծէր: Նաւակատիք, որ յաջորդը պիտի չունենայ: Սակայն ինչ որ տուին, արդէն անհուն կեանքի մը մասնիկն էր: Էութիւն էր, որ թերեւս տարածք գտնէր, սօսի դառնար` սօսափէր, կաղնի դառնար ու պաշտպանէր մշակոյթը: Մանաւանդ, մանաւանդ ի զուր չխլէր կեանքը անմեղներուն, սուգով չպատանքէր մնացող սիրելիներուն օրերը:
Այո՛, այդ փշրուած ապակիները թող ցաւցնեն բարձր բարոյականէ զուրկ, քուլիսներու ետեւ մեր կորուստներու երեւելի եւ աներեւոյթ ծրագիրը իրականացնող ղեկավարներու խիղճը, կամ ինչ որ մնացեր է անկէ: Եթէ պատերազմէ խուսափելու համար էր «խաղաղութեան ընթացակարգը», ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մեծ պատերազմի կը պատրաստուի թշնամին, իսկ մենք տակաւին խաղաղութի՜ւն կ՛երազենք:
Ե՞րբ պիտի ըլլայ անհրաժեշտ հաշուետուութիւնը պատերազմի պարտութեան իսկակա՛ն պատճառներուն: Պիտի ըլլա՞յ երբեւիցէ: Ռազմագերիները կարծես ուրուականներ են, խոստացուած «մէկ-երկու» ամիսէն տասնմէկ ամիս անցեր է:
Հայ ժողովուրդը սարսափած` կը սպասէ յաջորդ գոյժին:
Վերջակէտն է հոս. յուշամատեան մը:
Յետմահու ցուցահանդէս: Գոյներու շքահանդէս:
Սուրբ հաղորդութեան պէս դրած են սեղանին: Ուղղուինք այնտեղ. կը դիտեն մեզ.
Աչքերնուն մէջ հոյլ մը երազ
Անոնք դեռ կեանքէն բան չհասկցած
Անցան գնացին դուշմանի տրոնին:
Անցան գնացին առանց հասկնալու թէ ինչո՛ւ:
Այս պաստառներուն վրայ ներկը չի չորնար:
Մինչ հայոց մայրերը կ՛երգեն. «Դու լաց մի լինի, ես շա՜տ եմ լացել»:
նկար
0630Veh