ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, »Արմէնփրէս«, »Նոյեան Տապան«.- Նախագահ Քոչարեան Հոկտեմբեր 3ին ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Մէթիու Պրայզան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Պէռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա): Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասփրչիք:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին հետ կապուած հարցեր:
Նոյն օրը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին հետ:
Երեւանեան հանդիպումներու աւարտին կազմակերպուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիան ներկայացնող համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով նախագահ Քոչարեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանի հետ հանդիպումները յագեցած եւ բովանդակալից բնութագրեց, նշելով, որ Մոսկուայի մէջ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6ին կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Մերզլեաքով ընդգծեց, որ շփումները եւ բանակցային գործընթացը կը վերսկսին Մայիսին կողմերուն ներկայացուած սկզբունքներու հիմնարար փաստաթուղթին հիման վրայ. »Մի սպասէք, թէ ամէն ինչ փոխուել է, ամէն ինչ բոլորովին նոր է«, ըսաւ ան:
Ֆրանսացի համանախագահ Ֆասիէի խօսքերով՝ լուրջ աշխատանք կատարուած է եւ յոյսեր կան, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներէն յետոյ հնարաւոր ըլայ գնահատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման հնարաւորութիւնը. »Մենք վստահ ենք, որ եթէ մէկ տոկոս հաւանականութիւն կայ խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար, ապա պէտք է անենք հնարաւորը, որ հարցը խաղաղ կարգաւորուի«, ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Մէթիու Պրայզան յայտնեց, որ կտրուկ լուծումներ չեն ակնալուիր, բայց նկատելի է կողմերու պատրաստակամութիւնը խորութեամբ դիտարկել խնդիրները եւ առաջ շարժուիլ:
Պրայզան վերահաստատեց համանախագահներու տեսակէտը, որ ԼՂ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի եւ նշեց, որ գործընթացը դեռ աւարտին չէ հասած, իսկ սկզբունքները համակողմանի կարգաւորում կը նախատեսեն, ինչպէս նաեւ՝ խաղաղարարներու տեղակայում:
Կը նախատեսուի, որ Պաքուէն Երեւան ժամանած համանախագահները Հոկտեմբեր 4ին մեկնին Ստեփանակերտ: