ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան BRICS խումբին անդամակցելու դիմում ներկայացուց, կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտնելով, թէ յոյս ունին, որ Իրանի անդամակցութիւնը BRICS-ին նպաստաւոր պիտի ըլլայ անոր բոլոր անդամներուն:
Վերջերս, նման դիմում մը ներկայացուց նաեւ Արժանթինը։
BRICS-ը միջպետական խմբաւորում մըն Է, որուն ներկայ անդամներն են՝ Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Հարաւային Ափրիկէ: