ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի այն որոշումը, ուր կը շեշտուէր, թէ Ուաշինկթըն պէտք է ոչ մէկ ձեւով նիւթապէս նեցուկ կանգնի Հայաստանը շրջանցող Թուրքիա-Վրաստան երկաթուղագիծին:
Անցեալ ամիս Ծերակոյտի Դրամատնային յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս որոշումը՝ շնորհիւ ծերակուտական Ռապըրթ Մենետէզի (Դ. Նիւ Ճըրզի) ներկայացուցած առաջարկին: Անոր նեցուկ կանգնեցան նաեւ յանձնախումբի նախագահ Ռիչըրտ Շելպի (Հ. Ալապամա) եւ Փօլ Սարպէյնզ (Դ. Մէրիլէնտ):
Մենենտէզ բացատրեց, թէ Ծերակոյտը այս որոշումով կ’ուզէ այն պատգամը փոխանցել, թէ Կովկասի մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու համար շրջանային ծրագիրներէն պէտք չէ կամայաբար դուրս դրուին կարգ մը երկիրներ եւ յիշեցուց, թէ ներկայիս արդէն իսկ գոյութիւն ունի Թուրքիան եւ Վրաստանը իրարու կապող երկաթուղագիծ մը, որ Հայաստանէն կ’անցնի: Ան աւելցուց, թէ Հայաստանը շրջանցող երկաթուղագիծին կառուցումը խոտոր կը համեմատի Կովկասի հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց այս որոշումը եւ շեշտեց, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս երկաթուղագիծին ծրագիրը առաջ մղելով կը փորձեն Հայաստանի շրջափակումը ամրապնդել:
Յիշեցնենք, թէ Հոկտեմբեր 2005ին Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովը եւս նման տրամաբանութեամբ դէմ արտայայտուած էր Հայաստանը շրջանցող Թուրքիա-Վրաստան երկաթուղագիծ մը կառուցելու աշխատանքներուն:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երեքշաբթի օր անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Թուրքիա-Վրաստան երկաթուղագիծը, որ աւելի ուշ նաեւ Ատրպէյճան պիտի հասնի, յոյժ կարեւոր է շրջանին համար եւ ամէն ջանք պէտք է թափել այդ ծրագիրը իրականացնելու համար: