ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 27ամեայ երիտասարդ թուրք մը Լիոնի մէկ դատարանին կողմէ 2000 եուրօ տուգանքի, 1000 եուրօ վնասուց հատուցումի եւ 1000 եուրօ դատական ծախսերու հատուցում վճարելու դատապարտուեցաւ Հայաստանի, հայերու, Տեսինի քաղաքապետուհիի, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին, անոր կնոջ եւ Ազատ որմնադիրներու հասցէին կատարած նախատական իր արձանագրութիւններուն համար։
Մուհամմէտ Ե.ը դատապարտուած է նուաստացման, ատելութիւն սերմանելու եւ Տեսինի մէկ ընտրեալին հասցէին հրապարակային վիրաւորանքի մեղադրանքներով:
Դատավարութեան ընթացքին, մեղադրեալը իր արարքին իբրեւ չքմեղանք յայտարարեց, թէ չէ կրցած հանդուրժել Տեսինի քաղաքապետուհի Լորանս Ֆոթրայի դիրքորոշումը՝ Արցախի հակամարտութեան ընթացքին։
Նշենք, որ դէպքը պատահած էր Արցախեան 44օրեայ պատերազմի օրերուն։ Ենթական Տեսինի մերձակայ Մեզիէօ քաղաքի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն պատերուն վրայ կատարած էր ատելավառ ու նախատական արձանագրութիւններ։ Հսկողութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններուն շնորհիւ ան շուտով ձերբակալուած էր։