Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ օդային հարուածով մը թիրախ դարձուցած է ահաբեկչական «Քայիտա» կազմակերպութեան մօտիկ՝ «Հուրրաս Տին» ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավարներէն մէկը:
«Ապու Համզա Եամանի օդային հարուածին ընթացքին առանձին կը տեղափոխուէր», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը՝ աւելցնելով, որ գոյութիւն չունի որեւէ ցուցանիշ, թէ օդային հարուածին պատճառով որեւէ քաղաքային վնասուած է:
«Այս ականաւոր ղեկավարին ոչնչացումը պիտի խանգարէ «Քայիտա» կազմակերպութեան՝ ամերիկացի քաղաքացիներու, մեր գործընկերներուն եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին անմեղ քաղաքայիններու դէմ յարձակումներ շղթայազերծելու կարողութիւնը», կը յայտնէ հրամանատարութիւնը:
«Սի.Էն.Էն.»ը, յղում կատարելով գործողութեան ծանօթ պաշտօնատարի մը՝ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգները «մեծապէս վստահ է», որ անօդաչու թռչող սարքով կատարուած օդային հարուածին պատճառով Ապու Համզա Եամանի սպաննուած է:
Նշենք, որ այս մէկը այս տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը դէմ ամերիկեան երրորդ գործողութիւնն է: