ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Հայաստանի ճատրակիստներու կեդրոնական տան սրահին մէջ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին տեղի ունեցաւ մինչեւ 20 տարեկան ճատրակիստներու աշխարհի ախոյեանութեան պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Հայաստանի ճատրակի ընկերակցութեան փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան ողջունեց ախոյեանութեան մասնակիցները եւ հիւրերը ու յիշեցուց նաեւ, որ 1999ին եւ 2000ին Հայաստան նոյնպէս հիւրընկալած է այս ախոյեանութիւնը:
Ապա Լպուտեան յաջողութիւն եւ յաղթանակներ ցանկացաւ աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ ճատրակիստներուն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 50 երկիրներէ ժամանած 150է աւելի ճատրակիստներ եւ ան բաղկացած է 13 փուլերէ եւ պիտի աւարտի Հոկտեմբեր 16ին: