ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30ին Թուրքիա այցելող Պենետիքթ ԺԶ. պապը Պոլսոյ մէջ Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. պատրիարքին հետ միացեալ պատարագ մը մատուցելով շեշտեց կրօնական ազատութեան կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, թէ պապին Պոլիս ժամանումին, զայն դիմաւորողներուն շարքին էր Պոլսոյ Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքն ու հայ կաթողիկէ համայնքի պետ Յովհաննէս արք. Չոլաքեան:
Աւելի ուշ, պապը այցելեց Կապոյտ մզկիթը, այցելութիւն մը, որ իր ժամանակացոյցին վրայ աւելցած էր վերջին վայրկեաններուն:
Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ մէջ պապին կողմէ բարեկամութեան ու զօրակցութեան ի նպաստ տրուած պատգամները գոհունակութեան հոսանք մը յառաջացուցած են մամուլի ու հանրային կարծիքի մօտ, գրեթէ մոռցնելով այցելութեան նախօրեակին պապին դէմ բողոքները:
Սակայն, կարգ մը շրջանակներ Հինգշաբթի օր եւս դժգոհելու պատճառ գտան, որովհետեւ պապը անգամ մը եւս նեցուկ կանգնեցաւ Յունաց պատրիարքի էքիւմէնիք հանգամանքին: