ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մէջ հրդեհներու փաստը ուսումնասիրելու եւ համապատասխան գնահատական տալու նպատակով ԵԱՀԿ առաքելութիւնը ԼՂ պիտի ժամանէ Հոկտեմբեր 8ին: Այս մասին յայտնեց ԼՂՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեանը եւ նշեց, որ նախ՝ պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ պիտի ունենան Արցախի ղեկավարութեան հետ եւ ապա պիտի ծանօթանան իրավիճակին: Մ. Մայիլեան յիշեցուց նաեւ, որ Յունիս 28ին, Յուլիս 3ին, 4ին, 5ին ԵԱՀԿ դիտարկման խումբը Ա. Գասփրչիքի գլխաւորութեամբ ուսումնասիրած էր հրդեհի տարածքները եւ եզրակացութեան մէջ նշած էր, որ անոնք բռնկուած են բարձր ջերմաստիճանի պատճառով՝ »փաստօրէն, հերքելով ատրպեճանական մեղադրանքները«
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.