ՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Պրազիլի նախագահ վերընտրուած է Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան, նախագական ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանին ապահովելով քուէներուն 60.8 տոկոսը: Անոր մրցակիցը՝ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածու Հերալտօ Ալքմին կրցած էր ապահովել քուէներուն միայն 39.2 տոկոսը:
Նկարին մէջ, համակիրներով շրջապատուած Լուլա կը պատասխանէ լրագրողի մը հարցումներուն: