ԳԱՀԻՐԷ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Պենետիքթ ԺԶ. պապը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ի առաւօտեան Իզմիր ժամանեց, հոնկէ հասնելով Եփեսոսի Մարիամ Աստուածածնի աւերակ բնակարանին առջեւ կառուցուած մատուռը, ուր կը կարծուի, թէ Մարիամ մահացած է: Այլ վարկածի մը համաձայն, Մարիամ մահացած է Երուսաղէմի մէջ:
Փոքր մատուռին առջեւ, դարձեալ ապահովական խիստ պայմաններու ներքեւ, պապը 250 հրաւիրեալներու առջեւ պատարագ մատուցեց: Չորեքշաբթի երեկոյեան պապը Պոլիս անցաւ, ուր ան հանդիպումներ պիտի ունենայ յոյն եւ հայ պատրիարքներուն հետ:
Միւս կողմէ, «Քայիտա»ն Չորեքշաբթի օր խստօրէն դատապարտեց պապին Թուրքիա այցելութիւնը, զայն իսլամական աշխարհին դէմ մղուող «խաչակրութեան արշաւին» մէկ մասնիկը որակելով:
Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարեց, թէ մտահոգ չէ «Քայիտա»ի այս յայտարարութեամբ, սակայն աւելցուց, թէ նման յայտարարութիւններ ցոյց կու տան, թէ յաւելեալ աշխատանք պէտք է տարուի աշխարհի տարածքին, որպէսզի կրօնքը չշահագործուի վայրագութիւններ հրահրելու նպատակով: