ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Հոկտեմբեր 2ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան փոքր համերգասրահին մէջ՝ Ուսուցիչի տօնին առթիւ, ամփոփուեցան »Լաւագոյն տնօրէն«, »Լաւագոյն ուսուցիչ« եւ »Լաւագոյն դաստիարակ« անուանակարգերով յայտարարուած մրցոյթի արդիւնքները:
Տարուան լաւագոյն ուսուցիչ մրցանակը յանձնուեցաւ Արարատի մարզի Վեդի քաղաքի միջնակարգ դպրոցի աշխարհագրութեան ուսուցիչ Լեովա Մուրադեանին:
Տարուան լաւագոյն դաստիարակ հռչակուեցաւ Գեղարքունիքի մարզի Սեւան քաղաքի թիւ 3 մանկապարտէզի դաստիարակ Անահիտ Կասեան, իսկ տարուան լաւագոյն տնօրէն՝ Երեւանի Գրիգոր Զօհրապի անուան թիւ 43 դպրոցի տնօրէն Ռուզաննա Մուրադեանը:
Վարչապետի հրամանագիրով Հայաստանի վաստակաւոր մանկավարժի կոչման արժանացան 12, Մովսէս Խորենացիի անուան մետալի՝ երեք, ոսկէ յուշամետալի՝ վեց մանակավարժներ: Գիտութեան եւ մանկավարժութեան բնագաւառին մէջ ունեցած աւանդի համար հանրակրթական դպրոցներու եւ նախակրթական հաստատութիւններու 20 տնօրէններ, մանկավարժներ եւ դաստիարակներ պարգեւատրուեցան վարչապետի շնորհակալագիրներով: