«Նոր Յառաջ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Ռումանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սերգէյ Մինասեան 10 Յունիսին Ռումանիոյ Պաքաու քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ հայկական խաչքար-յուշարձանի մը բացման հանդիսաւոր արարողութեան։
Յուշարձանը զետեղուած է քաղաքի կեդրոնը՝ 1848ին կառուցուած, սակայն 1977ի երկրաշարժէն քանդուած հայկական եկեղեցւոյ վայրին մէջ։ Խաչքարը Հրազդան համայնքին նուէրն է քոյր քաղաք հանդիսացող Պաքաուին։
Նախքան բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ դեսպան Մինասեանի ու Պաքաուի քաղաքապետ Լուչիան-Տանիէլ Սթանչիու Վիզիթէուի հանդիպումը, որուն հեռավար միացան նաեւ Հրազդանի ներկայացուցիչները։
Հրազդանի փոխղեկավար Վարուժան Սաֆարեան ընթերցեց համայնքի ղեկավար Սեւակ Միքայէլեանի ուղերձը։
Յուշարձանի բացումին հետեւեցաւ օծման արարողութիւնը՝ ձեռամբ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի։
Պաքաուի քաղաքապետը յայտնեց, որ խաչքարը ոչ միայն կրօնական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, այլեւ կը խորհրդանշէ Հրազդան եւ Պաքաու համայնքներու բարեկամութիւնը, յուսալով որ՝ յառաջիկային երկկողմ կապերը առաւել կ՛ամրապնդուին՝ շօշափելի արդիւնքներով ։
Ռումանահայ դերասանուհի Ֆլորին Գէորգեան ընթերցեց Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանի ուղերձը:
Խաչքարի բացման հանդիսութեան աւարտին, ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ: