ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան արձագանգեց Արցախի վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական կեղծ յայտարարութիւններուն: «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ Բեգլարեան գրած է հետեւեալը. «Այո՛, Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի, որովհետեւ գոյութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւն, եւ դա միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ (ենթակայ) է, թէեւ պաշտօնապէս միջազգայնօրէն ճանաչուած չէ:
«Ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի կարգաւորուել եւ չի կարգաւորուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ադրբեջանը հաշուի չի առել Արցախի բնիկ ժողովրդի ինքնորոշման անկոտրում իրաւունքը»:
Ըստ Բեգլարեանի՝ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Ալիեւ աւելի շատ մտածէր Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու բարեխիղճ կատարման մասին ՝ երաշխաւորելով սեփական քաղաքացիներուն (որոնց կարգին լեզգիներու, թալիշներու, աւարներու, թաթարներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու) իրաւունքներու ապահովումը՝ հայերու իրաւունքներուն մասին «մտահոգուելու» փոխարէն:
«Մի գուցէ, Ալիեւը յանկարծ յիշի, թէ ինչ է տեղի ունեցել Խորհրդային Ադրբեջանում աւելի քան 500,000 հայերի հետ, թէ Ադրբեջանի կողմից օկուպացուած (գրաւուած) Արցախի տարածքներում կա՞յ թէկուզ մէկ հայ», կը շեշտէ Բեգլարեան: