ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի «Ազգերու լիկա»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 4րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սկովտիա հանդիպումը եւ աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով՝ 4-1 արդիւնքով:
Մրցումին 7րդ վայրկեանին, Վահան Բիչախչեան նշանակեց մրցումին առաջին կօլը, փոխանցում մը ստանալէ ետք Տիգրան Բարսեղեանէն:
Սակայն հիւր կազմը պատասխանեց չորս անգամ, յաջորդաբար՝ 14րդ, 45+1րդ, 50րդ եւ 54րդ վայրկեաններուն:
Մրցումին արդիւնքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ 44րդ վայրկեանին, Արման Յովհաննիսեան կարմիր քարտ ստանալը։
5րդ հանգրուանին մէջ, Հայաստան 24 Սեպտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Ուքրանիան: