ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հ.Ե.Դ.ի Նիւ Եորքի անդամները Սեպտեմբեր 25ին բողոքի ցոյց մը կատարած են Արտաքին քաղաքականութեան միութեան (FPA) կազմակերպութեան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի ի պատիւ կազմակերպած հաւաքի մը ընթացքին, կազմակերպիչներուն եւ հանրութեան ծանօթացնելով Թուրքիոյ պատմութեան այն էջերը, որոնք կը ծածկուին Անգարայի կողմէ:
Ցուցարարները Հայկական Ցեղասպանութեան, Կիպրոսի բռնագրաւման, Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու մասին թռուցիկներ բաժնեցին:
Նկարին մէջ, Հ.Ե.Դ.ի անդամ Սօսի Էսաճանեան՝ ցոյցին ընթացքին: