
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Աշխարհի բանը արագ-արագ կը թաւալի, մինչ մարդկութիւնը խոր մրափի մէջ է. ոչ թէ մարդիկը, որոնք ամէն օր ճօճուող դամոկլեան սուրին սարսափէն չեն կրնար աչք փակել, այլ՝ ՄԱՐԴկութիւնը ինք, որ կորսուե՞ր է թէ սկիզբէն չկար, մենք ենք, որ կարծեր ենք թէ կայ ու փնտռեր ենք:
Ռումբերը արագ-արագ կ՛իյնան, իսկ որոշումները կրիայի պէս կը յառաջանան:
Պատիժներու, շրջափակումի եւ այլ «լուծումներու» ծրագիրները մինչեւ որոշում դառնան եւ մինչեւ գործադրուին, տուներ կը քանդուին, երկիրներ կը պարպուին, մարդիկ իրենց զաւակները կը թաղեն, (երբեմն նոյնիսկ այդ իսկ չեն կրնար ընել), իրենց արժանապատուութիւնը կը զոհեն, իսկ ՄԱԿը ճառեր կը լսէ, ծրագիրներ կ՛որոճայ, որոշումներ կու տայ, պատիժներ կը սահմանէ եւ չ՛անդրադառնար, որ արդէն ուշ է, ՇԱ՜Տ շա՛տ ուշ է բան մը փրկելու համար:
Իսկ քանդողը շատ լաւ գիտէ այս բոլորը. այդ է պատճառը, որ առանց խռովելու խօսք-ծրագիր-որոշում պարապաբանութիւններէն՝ լկտիօրէն կը շարունակէ իր «գործը», առանց իսկ ըրածը ծածկելու յոգնութիւնը յանձն առնելու:
20րդ դարու առաջին Ջարդը կազմակերպեցին եւ իրագործեցին, բայց ո՛չ մէկ պատիժ ստացան:
Հին Ջուղայի խաչքարերը քանդեցին օր ցերեկով, ոչ ոք առարկեց:
Աշխարհի չորս կողմը գտնուող դարերու յուշարձանները քանդեցին, ո՛չ մէկ հետեւանք:
Ինչո՞ւ չշարունակեն, ինչո՞ւ չիրագործեն իրենց ծրագիրները, երբ շատ լաւ գիտեն, որ խօսք-ծրագիր-որոշում ըսուածները միայն աչքի փոշի են:
Ահա թէ ինչո՛ւ իրենք կը շարունակեն քանդել, մենք կը շարունակենք ապարդիւն կերպով հաւատք չընծայել բոլոր պոռոտ ճառերուն, եւ աշխարհը թաւալգլոր կ՛երթայ, դէպի ո՞ւր արդեօք:
Հաւանաբար աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ միշտ ալ պատերազմներ ընթացեր են բոլոր ժամանակներուն. մենք ենք, որ չենք իմացած անոնց մասին, կամ իմացեր ենք հարիւրաւոր տարիներ ետք՝ որպէս պատմութեան դաս. դասը սորվեր ենք, պատմութիւնը՝ մոռցեր:
Հիմա, սակայն, տարբեր է. պատերազմը մօտ է մեզի, յաճախ՝ շատ մօտ. եւ անկեղծօրէն չենք գիտեր ինչպէ՛ս վարուիլ մեր մօտիկէն ընթացող եւ ծուխը մեր քիթ-բերանին փչող պատերազմներուն հետ:
Բարեկամուհի մը՝ Նառա Վարդանեանը, կը գրէր Դիմատետրի իր էջին վրայ. «37 տարուան կեանք = ԽՍՀՄ փլուզում+արցախեան շարժում+90ականներ+ապրիլեան պատերազմ+ յեղափոխութիւն+քորոնակեանք+քառասունչորսօրեայ պատերազմ+համաշխարհային պատերազմի սկիզբ…
Մնում ա պալքոնից նայեմ, ու կոկորդիլոսներ լողան շէնքի բակում»:
Յիշեցի հայրս, որ համաշխարհային երկու պատերազմներուն ականատես եղեր էր:
Բոլորս ալ՝ Հայաստան թէ Սփիւռք բնակող բոլոր հայերս, խենթացած ենք երկու պատճառներով.
Ա. Ո՞ւր էր ամբողջ աշխարհը իր սրտցաւութեամբ, երբ Արցախի մէջ հայերուն երիտասարդ սերունդը կը ջարդուէր ամէնէն նողկալի ձեւով (ո՛չ միայն ազերիներու ձեռքով, այլ նաեւ… հայերու դաւաճանութեամբ):
Բ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանը եւ Հայաստանին հետ՝ մենք, այս վիճակին որպէս հետեւանք. մենք, որ լաւ կը ճանչնանք թուրքը, շատ լաւ գիտենք, որ կրնայ առիթէն օգտուիլ, ինչպէս ըրաւ համաշխարհային Ա. պատերազմին, խուժել Արցախ-Հայաստան եւ նոր ջարդ մը կազմակերպել:
«Եթէ խաղաղութիւն սիրողները կարենան պատերազմը սիրողներուն նման եւ անոնց չափ պատրաստուիլ, հաւանաբար այս բոլորը չպատահին»:
Մոռցած կը թուինք ըլլալ, որ խաղաղ ապրելու համար ո՛չ թէ պաշտպանուիլ, այլ յարձակիլ է պէտք: Պաշտպանուիլը, թշնամիին քծնիլը եւ անոր բարեկամութիւնը մուրալը մեզ կը դնէ անելի մը առջեւ, որուն գոյութիւնը չենք զգար, որովհետեւ այդ անելը պատ չէ, այլ թափանցիկ ապակի:
Ու կը մոռնանք, որ գործ ունինք թշնամիի մը հետ, որուն գլխաւոր յատկանիշը կեղծիքն է, ստախօսութիւնը, խաբելը: Փորձը ցոյց տուած է, որ այս երեքը իր ամէնէն շահաւէտ խաղաթուղթերն են, մանաւանդ որ դիմացինները բարի դրացնութիւն, բարեկամութիւն եւ չեմգիտերինչ կ՛ուզեն խաղալ:
Գազան է՝ բզկտելու բնազդով. «միսիոնա՞ր» ենք, որ իրեն մարդկութիւն քարոզենք ու յետոյ երբ յօշոտուինք, կրկին ու դարձեալ զարմանանք: Բորենիին դէմ քու բոլոր զէնքերդ կազմ ու պատրաստ պահած չե՞ս երթար:
«Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման» բանաձեւին նախագիծը առնուած է Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին մէջ, եւ քուէարկութիւնը նախատեսուած էր 10 Մարտ 2022ին: Շատ կարեւոր դրոյթներից մէկն այն է, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը դիտարկւում է Ատրպէյճանում պետական մակարդակով տարուող եւ խրախուսուող հայատեացութեան քաղաքականութեան շրջանակում: Այսինքն կարող ենք արձանագրել, որ առաջին անգամ Եւրոպական խորհրդարանը իր բանաձեւում նշում է «հայատեացութիւն» կամ «արմենոֆոպիա» եզրոյթը: Սա խօսում է այն մասին, որ պատգամաւորների շրջանում արդէն յստակ ձեւաւորուել է այդ կարծիքը, նրանք շատ լաւ տեղեկացուած են, թէ Ազրպէյճանում ինչպէ՛ս է պետական մակարդակով այդ քաղաքականութիւնը խրախուսւում եւ, հետեւաբար, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը դիտարկւում է նաեւ որպէս այս քաղաքականութեան մի մաս»:
Յետո՞յ: Ըսենք, թէ քննարկեցին հարցը եւ քուէարկեցին ի նպաստ Արցախի. քննարկելէ ետք ի՞նչ լուծում պիտի տան ատրպէյճանական երբեք չդադրած եւ չդադրող յարձակումներուն Իսկ մինչեւ այդ բոլորը ըլլան, Արցախի մէջ ո՛չ պատմամշակութային յուշարձան մնացած պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ երիտասարդ ու մանուկ: Այս մասին չեն խօսիր անշուշտ:
Աշխարհը նապաստակի թեթեւ վազքով դէպի խորխորատ կ՛երթայ, մինչ համաշխարհային կազմակերպութիւններ կրիայի նման ծանրագլուխ եւ երկարահաշիւ պատիժներ կը մտմտան եւ որոշումներ կը ծրագրեն:
Յստակ է, թէ ո՛վ պիտի շահի մրցանակը:
Է՜հ, կեանք է, երբեմն անհեթեթ բաներ ալ կը պատահին: