
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան 9 Յունիսին այցելեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ՝ վերջինին հրաւէրով:
Այս մասին կը նշուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
Պատրիարքին կ՛ընկերակցէր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսաման:
Հանդիպման ընթացքին Չաւուշօղլու հետաքրքրուեցաւ համայնքային ընտրութիւններու նիւթով եւ ըսաւ, որ կանոնադրութեան կազմութեան աշխատանքները հասած են վերջին փուլին եւ յոյս յայտնեց, որ շուտով կը հրապարակուի:
Խաժակ սրբազանը Չաւուշօղլուն տեղեկացուց, որ նախատեսուած են տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850ամեակին նուիրուած, թէ՛ Հռոմի եւ թէ տարբեր վայրերու մէջ, ուր հայեր կան:
Չաւուշօղլու հանդիպման ընթացքին խոստացաւ Պոլիս գտնուելու պարագային այցելել պատրիարքարան: