Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրէնքի նախագիծը արձանագրուած է Խորհրդարանի (Ֆրանսայի) 12 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Օրէնքի այս նախագծին քննութիւնը պիտի կատարուի Ընկերվարական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ անոր niche parlementaire-ի շրջանակէն ներս:
Հ.Յ.Դ. ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Խորհրդարանի 18 Մայիսի նիստի նախագահութեան միջոցով օրէնքի նախագծի քննութիւնը դիտումնաւոր կերպով յետաձգելու անընդունելի ընթացքին ի պատասխան՝ Ընկերվարական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Ֆրանսուա Հոլանտ ամբողջովին յարգեց իր յանձնառութիւնները: Հ.Յ.Դ. կ’ողջունէ Ընկերվարական կուսակցութեան յարատեւ ջանքերը, որոնց մասին Հ.Յ.Դ. 69րդ Շրջանային ժողովին առիթով նախագահ Ժան Մարք Էրոյի անունէն յայտարարութիւններ կատարեցին Պուշ տիւ Ռոնի շրջանային խորհուրդի նախագահ եւ ծերակուտական՝ Կերինին, եւ Պուշ տիւ Ռոնի երեսփոխան եւ օրէնքի նախագիծի զեկուցաբեր՝ Քրիսթոֆ Մաս:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ օրէնքի այս նախագիծը պիտի որդեգրուի խորհրդարանին մաս կազմող քաղաքական բոլոր հոսանքներուն կողմէ, եւ կոչ կ’ուղղէ իր անդամներուն եւ համակիր զանգուածին խուռներամ ներկայ ըլլալու 12 Հոկտեմբեր 2006ի համահաւաքին եւ զօրավիգ կանգնելու ֆրանսացի ժողովուրդի բոլոր այն ընտրեալներուն, որոնք կը փափաքին օրէնքի ճամբով պատժել 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները:
Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Փարիզ, 28 Սեպտեմբեր 2006