ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 Յունիսին հրապարակեց «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021»ի զեկոյցը:
«Ատրպէյճան» բաժինին մէջ, նախարարութիւնը կը յիշատակէ ԵԽԽՎի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային նկատմամբ:
Անոր մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս մերժած է արտօնել հայ ուխտաւորներուն մուտքը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանքը: Ատրպէյճանցիները իրենց հերթին չեն կրցած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ԵԽԽՎի բանաձեւը եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի պետական մակարդակի վրայ զարգացող այն պատումին գծով, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:
Անոր մէջ կ՛ընդգծուի, որ տարուան ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներու նկատմամբ վանտալութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ կերպով իրականացուող գործողութիւններուն մասին: