ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Սահմաններու վերաբերմամբ հայ ժողովուրդը, յանձինս իր ղեկավար շրջանակներուն, մեծ սխալ գործեց չափազանց մեծ պահանջներ առաջադրելով, առանց հաշուի առնելու իր ուժերն ու միջազգային կարելիութիւնները»:
Ալեքսանդր Խատիսեան
Ամէն տարի կը տօնենք Մայիս 28ը` իբրեւ հայոց պետականութեան կերտման օր, իբրեւ 600ամեայ օտար տիրապետութեան խաւարէն ազատագրուելու օր:
Կը տօնենք Մայիս 28ը` յիշելով Սարդարապատներն ու Բաշ Ապարանները, յիշելով Դրոներն ու Նազարբէկեանները, Սիլիկեաններն ու Փիրումեանները:
Սակայն, կամայ թէ ակամայ, կը մոռնանք, կամ մոռացութեան կ՛ենթարկուին իւրաքանչիւր քառակուսի մեթր հողը պաշտպանող դիւանագէտը կամ արտաքին գործոց նախարարը, որուն բանակցելուն կամ համաձայնագիր մը ստորագրելուն ընթացքին փրկուեցաւ հայ զինուորի մը կեանքը, հայ երեխայ մը որբ չդարձաւ, հայ քոյր մը կամ հայ եղբայր մը՝ մէկ հատիկ չմնաց, իսկ հայ կին մը խուսափեցաւ այրիացումէ:
Ինչպէս ռազմիկը ռազմադաշտի վրայ իր արեան գնով կը փրկէր ամբողջ ազգաբնակչութիւն մը նոր ցեղասպանութենէն, նոյն համահաւասար հայրենասիրական ոգիով ու ճիգերով` դիւանագէտը կը փրկէր արիւնով շաղախուած հողն ու անոր վրայ ապրող ամբողջ ազգաբնակչութիւնը:
Ինչպէս որ հերոսամարտի ընթացքին հայ զինուորին սիրտը կը տրոփէր ձգանը սեղմելու ժամանակ` հարուածելու նախայարձակողը, նոյնպէս ալ դիւանագիտական պատուիրակութեան մէջ փաստաթուղթը ստորագրողին սիրտը կը տրոփէ հաւասարապէս` փրկելու իր հայրենիքի ու հայրենակիցներու գոյութիւնը:
Հերոսութիւն է դիւանագիտական ճկունութիւնն ու բանակցելու արուեստը` յանուն ազգաբնակչութեան ֆիզիքական փրկութեան, ինչպէս որ հերոսութիւն է արեան գնով փրկել հողատարածքը ցեղասպաններու արշաւանքներէն:
Թերեւս «Խաղաղութիւն` ուժի միջոցով»ը ոչ պաշտօնական նշանաբան դարձած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութեան մօտ` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Ռանըլտ Ռեկընի կողմէ անոր որդեգրումէն տասնամեակներ առաջ:
Ալեքսանդր Խատիսեանի միջոցով Պաթումի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը համազօր եւ շարունակականութիւնը չէ՞ր Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի դաշտերուն վրայ իրենց քաջութիւնը ցուցաբերած Թովմաս Նազարբէկեաններուն եւ Դրոներուն հերոսութեանց:
Պորիս Լեկրանի հետ Սիմոն Վրացեանի ստորագրած համաձայնագիրը (Հայաստանի խորհրդայնացում` իբրեւ չարեաց փոքրագոյն ընտրանք) թրքական սալէն փրկութիւն չէ՞ր, որքան Ռուբէն Տէր Մինասեանի կողմէ` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած հակապետական վոհմակներու զսպումը:

Տիգրան Բէկզադեանի (Ատրպէյճանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ) ձեռամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանագիրի կնքումը չէ՞ր հետապնդեր Զանգեզուրի ամբողջական ներառումը Հայաստանի հողային տարածքներէն ներս, որքան Գարեգին Նժդեհի սխրագործութիւնները` ընդդէմ Ատրպէյճանի հրահրած խռովութիւններուն:
Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի ստորագրումը այնքան ռազմավարական նշանակութիւն ունէր` փրկելու արեւելահայութիւնը ջարդի ու տեղահանութեան վտանգէն, որքան հայ-վրացական պատերազմի ընթացքին հայ զինուորին խիզախութիւնը` Լոռիի մարզը պահելու համար հայկական գերիշխանութեան տակ:
Նոյնքան ազգային հերոսներ էին` Ալեքսանդր Խատիսեանը, Սիմոն Վրացեանը, Արշակ Ջամալեանն ու Տիգրան Բէկզադեանը իրենց հայանպաստ կնիքներով, որքան Դրոն, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, Գարեգին Նժդեհն ու Քրիստափոր Արարատեանը` իրենց հայանպաստ գնդակներով:
Հայաստան նոյնքան կարիքը ունի ուժ տալու, զարգացնելու եւ արհեստավարժ դարձնելու իր դիւանագիտական, միջազգային յարաբերական ու ապահովական քաղաքականութիւններուն վերաբերող ուսումնական ճիւղերն ու հետազօտական կեդրոնները, որքան կարիքը ունի` արդի զէնքերու, զօրանոցներու, բանակավայրերու եւ պահեստային ուժերու:
Հայաստան նոյնքան կարիքը ունի` արհեստավարժ դիւանագէտներու, բանակցողներու, դեսպաններու, հիւպատոսներու, որքան կարիքը ունի արհեստավարժ սպաներու, տեղակալներու, հրամանատարներու եւ զօրավարներու:
Եզրակացութիւն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Թիֆլիսի եւ Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրներն էին, ինչպէս որ էին Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը:
Ահաւասիկ ղեկավարուած էինք այնպիսի անհատականութեանց կողմէ, որոնք կը գիտակցէին, թէ ե՛րբ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր, իսկ ե՛րբ երկիրը պատրաստ է յայտարարելու պատերազմ: Ունէինք ղեկավարութիւն մը, որ հարցերուն հետ կը վարուէր բանականօրէն, որ` աջ ու ձախ մեծ-մեծ խոստումներ չէր տար եւ հաշիւ կ՛ընէր շրջանային կացութիւնն ու ըստ այնմ կը խօսէր եւ կը գործէր:
Ուժի օրինականութիւնը պէտք չէ փնտռել հռետորաբանութիւններուն մէջ, այլ` իրապաշտ արտաքին քաղաքական քայլերու մէջ, որոնք կը նպաստեն պետականութեան ապահովման եւ ազգաբնակչութեան ֆիզիքական պաշտպանութեան:
Այսօր, մանաւանդ Հայաստանի մէջ ներկայ ներքաղաքական ճգնաժամային կացութիւնը եւ իր արեւելեան (որուն հետ երկու տարի առաջ պատերազմ ունեցաւ ու կրեց ծանր հարուած) եւ արեւմտեան դրացի պետութիւններուն հետ սկսած բանակցութիւններու հոլովոյթը կը մղեն հայկական կրթական ու բարձր ուսումնական հիմնարկներն ու քաղաքական կազմակերպութիւնները` լուսարձակի տակ առնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին ստորագրուած պայմանագիրները, անոնց ստորագրման առարկայական պատճառներն ու պատմական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ` հակապետական խռովութիւններն ու դրացի պետութիւններուն յարաբերութիւնները յիշեալ տարրերուն հետ, հաւասարապէս ինչպէս որ կ՛ուսումնասիրուին ու կը դասաւանդուին Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը :
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ կառավարութիւնը իր վարած բանակցային քաղաքականութեանց մէջ պէտք է նշէ կարմիր գիծեր, ինչպէս որ նշած էր Ա. հանրապետութիւնը: Այդ կարմիր գիծերը պէտք է դառնան` Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորումն ու հողային ամբողջականութիւնը, արցախեան հարցի լուծումը` հիմք ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան գծով պահանջատիրութեան որեւէ դադարեցման մերժում:
Ի վերջոյ, խաղաղութեան օրակարգ արծարծելը եւ բանակցութեան հոլովոյթի մասին խօսիլը ինքնին աւարտ է, որուն մասին պէտք է մտածէ ու քննարկէ հայկական քաղաքական միտքը, բայց կը մնայ ձեւաչափի ճշդումը:
Բարեբախտաբար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իր դիւանագիտական կազմով կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին հեռու էր ամբոխավարութենէ ու անոր եղանակին վրայ երգող իրաւահաւասարօրէն` խաղաղապաշտ ու ռազմապաշտ պոռոտախօսներէ, որոնք նոյնքան վտանգի կ՛ենթարկեն հայրենիքի գոյութիւնը, առաջինը իր ցնորամտութեամբ ու դիւրահաւատութեամբ, իսկ երկրորդը` իր ոչ իրապաշտ ու անգործնական երազանքներով:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին ստորագրուած պայմանագիրներու ժառանգութիւնը խրախուսական պէտք է դառնայ նորանոր սերունդներուն համար, մանաւանդ` անոնց համար, որոնք կը ղեկավարեն համայն հայութեան ճակատագիրը, դրսեւորելու արտաքին քաղաքականութեան մեկնակէտը` իրապաշտութեան հիման վրայ: