ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Յովհաննէս Պաչքով Մայիս 30ին երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացած Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութեան 63.5 քլկ. դասակարգի աւարտականին 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Լունէս Համրաուին:
Ան երրորդ հայ բռնցքամարտիկն է, որ երեք անգամ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան: Նախորդներն էին՝ Վլատիմիր Ենգիբարեան (1955, 1957, 1959) եւ Իսրայէլ Յակոբկոխեան (1985, 1989, 1991):
Նաեւ, Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան (86 քլկ.) աւարտականին պարտուեցաւ Վրաստանի ներկայացուցիչէն եւ նուաճեց արծաթէ մետալ:
Արծաթ մետալ շահեցաւ նաեւ Արթուր Բազէեան (57 քլկ.), իսկ Նարեկ Մանասեան (92 քլկ.)՝ պրոնզ մետալ: Յատկանշական է, որ Նարեկ Մանասեան քառորդ աւարտականին մրցեցաւ Յունաստանը ներկայացնող հայազգի բռնցքամարտիկ Վահան Նանիձանեանի հետ եւ յաղթեց 5-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ Բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյանութեան բացման արարողութիւնը տեղի է ունեցաւ Մայիս 22ին, իսկ մրցաշարքը աւարտեցաւ Մայիս 30ին: Անոր մասնակցեցան 39 երկիրներէ մօտաւորապէս 250 մարզիկներ: