ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայերը պէտք է սթափ գնահատեն այլ երկիրներու քայլերը Հայաստանի հանդէպ եւ չտառապին այլասիրութեամբ, յայտարարեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Ալվարդ Պետրոսեան Հոկտեմբեր 27ի ասուլիսի ընթացքին: Օրինակ, ըսաւ ան, Հայոց Եղեռնի ժխտման համար պատիժ սահմանելու Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշման կապակցութեամբ հայութիւնը երախտագիտութեամբ լեցուած է Ֆրանսայի հանդէպ, սակայն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ «եթէ ֆրանսական պետութեան շահերից չբխէր, այդ երկիրը նման որոշում չէր կայացնի»:
Ըստ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամի, իրեն համար անընդունելի է նաեւ այն մօտեցումը, համաձայն որուն Հայաստան առանց Ռուսիոյ չի կրնար ապրիլ:
Ա. Պետրոսեան նշեց, որ թէեւ ինք, իբրեւ մտաւորական, ձեւաւորուած է ռուսական մշակոյթի կենսոլորտին մէջ, միշտ հիացած է ռուս գրականութեամբ, բայց համոզուած է, որ նոյնիսկ բարեկամ երկիրի հետ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք չէ կորսնցնել ազգային արժանապատուութեան զգացումը եւ պէտք չէ մոռանալ, որ Ռուսիա եւս ունի իր շահերը: Մենք Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր հանգրուան ենք, սակայն Ռուսիան մեր մեծ եղբայրը համարելը ստրկամտութիւն է, յայտարարեց Ա. Պետրոսեան:
Մեկնաբանելով Ռուսիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ք. Զատուլինի՝ ռուս-վրացական հակամարտութեան հարցով Հայաստանի դիրքորոշման յստակացման մասին յայտարարութիւնը, Ա. Պետրոսեան համոզում յայտնեց, որ «եթէ մեր ժողովուրդը իր ողնաշարն ուղիղ պահի, ոչ մի երկրի ոչ մի պաշտօնեայ չի համարձակուի ճնշում գործադրել մեզ վրայ»: