
Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ իսկ, «Լեռնային Արցախ»ը ապահոված էր ախոյեանի կոչումը։ Իր ունեցած վերջին մրցումին, ախոյեան խումբը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «Արարատ-Արմէնիա-2»ի դէմ:
Մրցումին աւարտին, «Լեռնային Արցախ»ը ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Էտկար Մանուկեանէն:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը պիտի աւարտի 28 Մայիսին։